Հինգշաբթի 8 Յունիս 2017, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի Հասէսեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:
Հանդէսի թեման էր Նոյեան Տապանը: Բեմը զարդարուած էր շատ գեղեցիկ հսկայ տապանով մը, ուր նաեւ կը գտնուէին զոյգ-զոյգ ամէն տեսակի կենդանիներու նկարներ:
Ծաղիկ դասարանի աշակերտները շատ յստակ եւ ինքնավստահ կերպով ներկայացուցին Նոյի շինած տապանին պատմութիւնը, որմէ ետք Մանկապարտիզպանուհի Զեփիւռ Քէշիշեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն՝, ներկայացնելով ամբողջ տարուան աշխատանքը եւ գործունէութիւնը: Ան շեշտեց թէ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի ուղեգիծը եղած է միշտ դաստիարակել փոքրիկները քրիստոնէական եւ հայկական շունչով:
Աշակերտները հրամցուցին սաղմոսներու եւ հոգեւոր երգերու փունջ մը, որմէ ետք Ծիլ եւ Բողբոջ դասարանի աշակերտները պարեցին կենդանիներու գեղեցիկ պար մը, իսկ Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին գեղեցիկ հայկական պարեր եւ երգեցին «Գետաշէն» երգը:
Տնօրէնուհի Օրդ. Վարդուհի Պալըգճեան իր խօսքով վեր առաւ թեմային միջոցով Աստուծոյ տուած յոյսը եւ ապա 2017-2018 տարուան համար նախատեսուած նոր ծրագիրները:
Վերջապէս տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք բեմ բարձրացան Ծիլ, Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանի աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներու ընկերակցութեամբ, բեմ բարձրացաւ նաեւ եկեղեցիի հովիւ Վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեան, որու Օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը:
Երկրորդական Բաժնի Հանդէս
Հայ Աւետարանական Շամլեան Թաթիկեան վարժարանի երկրորդական բաժնի շրջանաւարտից հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ13 Մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8.00-ին վարժարանին Կ. Հասէսեան սրահին մէջ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յայտագիրը սկսաւ պաշտամունքի բաժինով, որ կ’ընդգրկէր Աստուածաշունչի ընթերցում եւ աղօթք, կատարողութեամբ Տիկ. Եսթեր Քիլաղպեանի, ու երկու հոգեւոր երգերով շրջանաւարտ դասարանին երգեցողութեամբ:
Օրուան բանախօսն էր դաստիարակ, ուսուցիչ, տնօրէն եւ գաղութիս հանրածանօթ հրապարակախօս Տիար Կարօ Յովհաննէսեանը, որ իրեն յատուկ՝ հաճելի եւ համոզիչ ոճով թելադրեց շրջանաւարտներուն միջակութենէ վեր ելլել եւ ընդհանրապէս պայքարիլ հոսանքին դէմ, վեր պահելով հայ դպրոցին սրբազան աւանդը:
Ընկերատնտեսագիտական բաժանմունքի շրջանաւարտ Աննա Մարիա Գապաքեան եւ Գիտական բաժնէն Յովիկ Թիւթիւնճեան իրենց դասընկերներուն անունով փոխանցեցին դպրոցին ու լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ երախտագիտութեան իրենց խօսքը հայերէն ու արաբերէն ուղերձներուն ընդմէջէն:
Յայտագիրը ընդգրկեց կիթառով նուագ (Խաչիկ Մարգարեան եւ Յարութ Կիւլիւզեան), հայկական պար՝ 5 շրջանաւարտուհիներ, անգլերէնով «Իֆ» քերթուածը, որպէս խմբային ասմունք, եւ իրենց աշակերտական կեանքի յիշատակներու խճանկարը որ ներկայացուեցաւ պաստառի վրայ: Նաեւ, տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Գերազանց աշակերտի մետալ ստացաւ Աննա Մարի Գապաքեանը, օրինակելի աշակերտի մրցանակ ստացան Նարեկ Մինասեանն ու Տանիէլ Փանոսեանը: Մարտ 2017-ին հաստատուած եւ յայտարարուած Զուարթ Աբէլեան գրական մրցանակին հաստատագիրները յանձնեց Դոկտ. Անիթա Թութիկեան:
Վկայականներու բաշխումը կատարեցին դաստիարակուհի Դոկտ. Սեդա Քիլէճեանի հրաւէրով՝ վարժարանին տնօրէնուհի` Օրդ. Վարդուկ Պալըգճեան եւ Վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեան: Աւարտին, շրջանաւարտները իրենց երախտագիտութիւնը եւ սէրը յայտնեցին իրենց ծնողներուն ծաղիկներու նուիրումով:
Շրջանաւարտներուն բեմ վերդառնալէն ետք կատարուեցաւ ջահի փոխանցում: Ջահը յանձնող ու ստացող աշակերտները ուխտեցին բարձր պահել վարժարանին անունը:
Ապա Օրդ. Վարդուկ Պալըգճեան իր հուսկ բանքին խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներըը յորդորեց յաղթական կեանքի ձգտիլ, միշտ յիշելով թէ միասին աշխատանքն է, որ հոն կը հասցնէ եւ ոչ թէ ինքնագլուխ յառաջ վազելը:
Հուսկ բանքէն ետք շրջանաւարտները հրաժեշտ տուին « Վերջին Զանգ» երգով եւ ապա Վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեան կատարեց օրհնութեան աղօթքը. Ապա շրջանաւարտները շնորհաւորութիւններ ընդունեցին վարժարանի շրջափակին մէջ, ուր կատարուեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:
Այլ Հանդիսութիւններ
«Տարուան Տօները երգով» ներշնչող յատագիրը գործադրուեցաւ Չորեքշաբթի, Մայիս 2017, կ.ե. ժամը 7.30-ին: Տիկ. Սօսի Ապուհանեան՝ դպրոցիս երկարամեայ երգի և Սուրբ գիրքի ուսուցչուհին, ձեռնհասօրէն եւ խանդավառ նախաձեռնութեամբ մը պատրաստած էր յայտագիրը: Ան բեմ հանեց նախակրթարանի բոլոր կարգերը, որոնք ուրախ եւ հաճելի կերպով ներկայացուցին երգերը՝ արժանանալով ծնողներուն հիւրերուն բարձր գնահատանքին: Վարձքը կատար Տիկ. Ապուհանեանին եւ նախակրթարանի ուսուցչակազմին, փառքը՝ Աստուծոյ: