Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն աւելի քան 30 բժիշկներ պիտի ժամանեն Հայաստան` երկրի գիւղական շրջաններու բնակչութեան բուժօգնութիւն ցուցաբերելու համար: Բժիշկներու ամէնամեայ այցը կը կազմակերպէ Հայկական բժշկական առաքելութիւնը (Armenian Medical Mission):
Մասնագէտներու խումբը պիտի գլխաւորէ Ֆրեզնոյէն վիրաբոյժ Ճոն Կարրին, որ առաջին անգամ Հայաստան եկած է 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք, կը հաղորդէ «Նիուզ»-ը՝ վկայակոչելով «abc30.com»-ը: «1988-ին ես անդամ էի բժիշկներու առաջին խումբին, որուն թոյլ տրուեցաւ ԽՍՀՄ ժամանել»,- նշած է բժիշկը:
Սակայն Հարրին որպէս կամաւոր Հայաստան ժամանած է ո՛չ միայն մասնագիտական պարտքի գիտակցմամբ, այլ որովհետեւ ան պարտաւորութիւն կը զգար երկրի առջեւ, ուրկէ կը սերին իր նախնիները:
Անոր խօսքով, Հայաստանի մէջ շաքարախտով եւ արեան բարձր ճնշման բազմաթիւ հիւանդներ կան, բացի ատկէ այստեղ մեծ է ծխողներուն թիւը: Կարրին ընդգծած է, որ յատկապէս գիւղական բնակավայրերու մէջ բժիշկներու եւ սարքաւորումներու պակաս կայ, այդ պատճառով իրենք իրենց կարելին պիտի ընեն մարդոց օգնելու համար: Ան նաեւ յոյս ունի նաեւ ընդունիլ Սուրիահայեր։






