Հինգշաբթի, 03. 07. 2025

spot_img

Մասնակցութիւն Լեհաստանի Հայ Համայնքի Հիմնադրութեան 650-Ամեակի Հանդիսութեան

Լեհաստանի տարբեր  քաղաքներու մէջ, պետութիւնը, այս տարուան ընթացքին հանդիսաւորապէս  նշեց   հայ համայնքի  հիմնադրութեան 650-ամեակը: Այս առիթով տեղի ունեցան  մեծաշուք հանդիսութիւններ, որոնց  մասնակցեցան Լեհաստանի նախագահը, վարչապետը,  կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամներ:  Լեհ իշխանութիւններ  յատուկ արժեւորեցին  երկրի յառաջդիմութեան  մէջ հայ համայնքին մատուցած  բազմակողմանի ծառայութիւնները :

Տօնական այդ օրերուն,  Երեքշաբթի 6 Յունիս 2017-ին,  Լեհաստանի  Զապժէ  քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք  գծագրութեան  միջազգային  մրցանքին  մասնակցելու նպատակով  Լիբանանը  ներկայացնող ութ անձերէ  բաղկացած պատուիրակութիւն մը  մեկնեցաւ Լեհաստան: Սոյն  պատուիրակութեան մաս կը կազմէին  տէր եւ տիկին  պետական երեսփոխան  Շանթ Չինչինեան, ՀԵԸ Անդրանիկ  Սեւանի Երէցներ Կարէն Պասմաճեան, Ալեքս Առաքելեան եւ Քառավել՝ Լուչիանա Քարապաճաքեանը: 

Ինչպէս անցեալ տարի, այս  տարի եւս լիբանանեան  պատուիրակութիւնը  ջերմ  ընդունելութեան արժանացաւ Զապժէի մէջ: Կազմակերպիչները  յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծած  էին աշխարհի տարբեր  երկիրներէ  ժամանած աւելի քան երկու հարիւր մրցորդներուն համար:

Մրցոյթը  զուգադիպելով  հայ  համայնքի  հիմնադրութեան  650-ամեակին առիթով  մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ կազմակերպուած  գլխաւոր հանդիսութեան, լիբանանեան  պատուիրակութիւնը   շոգեկառքով   մեկնեցաւ  մայրաքաղաք՝  Վարշաւա: Պատուիրակութիւնը Վարշաւայի  մէջ դիմաւորեց ՀԵԸ-ի երկարամեայ  պատասխանատու վարչականներէն տոքթ. Արտեմ  Նաճարեանը:

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առնողները բարձր գնահատեցին երկրի վերելքին մէջ  հայ  համայնքին  ունեցած դերակատարութիւնը:  Ապա  տեղի ունեցաւ  տօնակատարութիւն, որուն  ընթացքին՝ զանազան մարզախաղեր: ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի տղոց մասնակցութեամբ միացեալ  խումբը  շահեցաւ  ֆութպոլի բաժակը:  Վարշաւա կեցութեան  ընթացքին  լիբանանեան  պատուիրակութիւնը  արժանացաւ   ջերմ  ընդունելութեան:  Անոնք նաեւ ժամանակ ունեցան այցելելու հայկական  մշակութային եւ պատմական կեդրոններ:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը  Կիրակի, 10 Յունիս 2017-ի  ուշ գիշերին  փայլուն տպաւորութիւններով վերադարձաւ Պէյրութ:

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին