Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն կը Հետեւի Սուրիոյ Հայութեան Վերականգնումի Աշխատանքներուն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան հետ միատեղ, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը դարձուցած է առաջնահերթութիւն իր հայրապետական աշխատանքի ծիրէն ներս։ Սուրիահայութեան վերականգնումը նկատելով համահայկական տարողութեամբ կատարուելիք աշխատանք, այս ուղղութեամբ ան մնայուն կապի մէջ է թեմերուն, Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կառոյցներու եւ անհատներու հետ, որպէսզի վերականգնումի գործընթացքը դրուի աւելի կազմակերպ հիմքերու վրայ ։

Այս օրերուն Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը կը գտնուի Անթիլիասի Մայրավանք, վերականգնումի շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալու Նորին Սրբութեան հետ։ Սրբազանը Սուրիոյ մէջ կատարուած նախնական աշխատանքներու ընդհանուր պատկերը ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով կատարուող նախապատրաստական աշխատանքները, անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց եւ պատասխանատու անձերը Անթիլիաս հրաւիրեց խորհրդակցութեան համար։ Նախապատրաստական աշխատանքներու աւարտին, կը ծրագրուի վերականգնումի ընդհանուր հաւաք կազմակերպել, սկզբունքով՝ Սեպտեմբերի սկիզբը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին