Դրամագլուխը չէ միայն կամ մեծ կարողութիւնները, որոնք պէտք են մարդուս` Հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին օգտակար հանդիսանալուն համար: Այս մէկը շատ յաճախ հաւատքի, նուիրուածութեան, ազնիւ տեսլականի եւ ինչու չէ նաեւ նորարար միտքի ալ արդիւնք կրնայ ըլլալ, ուր տուեալ անհատին նախաձեռնութեան ծառը կրնայ պտուղներով ծանրաբեռնուիլ իրեն՝ հոգեկան հաճոյք, իսկ օգնութիւնը ընկալող կողմին արժանապատուութեամբ ապրելու հնարաւորութիւն ստեղծելով:
Այս ծիրէն ներս հաճելի էր «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ հանդիպում ունենալ մեզի ծանօթ դէմքի մը հետ, որուն պատմութիւնը աւելի քան հետաքրքրական էր:
Մեր հիւրը՝ Մարալ Ասիլեան իրեն յատուկ խանդավառութեամբ հետեւեալը պատմեց.
«Ապրելով Սփիւռքի մէջ ոչ մէկ անգամ առիթը ունեցած էի այցելելու Հայաստան, բայց երկու տարի առաջ էր, երբ ամուսինիս հետ, որ հոլանտացի է, պտոյտի մեկնեցանք հոն: Եօթը օր, առաւօտէն իրիկուն պտտեցանք Հայաստանի տեսարժան վայրերուն մէջ եւ ուսումնասիրեցինք հրաշալի վայրերը: Ամէն ինչ շատ լաւ էր ու գեղեցիկ: Ամուսինս զարմացած էր մայրաքաղաքով, բայց անշուշտ կեդրոնական փողոցներով։ Հազիւ կը հեռանայինք կեդրոնէն, կը տեսնէինք, որ ժողովուրդին վիճակը շատ յուզիչ է: Այդ այցելութենէն ետք, ես որոշեցի որ կրկին պէտք է երթամ Հայաստան, բայց այս անգամ առանձին եւ որպէս սիրայօժար աշխատող (volunteer), որպէսզի նախ կարողանամ օգտակար ըլլալ հայրենիքիս, երկրորդ՝ ժողովուրդին հետ ապրիմ առօրեայ կեանք: Փնտռեցի եւ գտայ աշխատանք մը իմ մասնագիտութեան եւ գործի փորձառութեանս ծիրին շատ մօտ: Հասայ այնտեղ: Կրնայի անշուշտ հիւրանոց մնալ, բայց ուզեցի հայ ընտանիքի մը հետ ապրիլ: Տունը Երեւանի մէջ էր` կեդրոնին մօտ: Իրենց հետ երկու շաբաթ ապրելով եւ ուսումնասիրելով իրենց առօրեան, հասկցայ թէ ինչպէ՞ս կ’ապրին մարդիկ այնտեղ:
Առաւօտեան կ’երթայի աշխատանքի, իսկ երեկոյեան գնումներ ըրած կը վերադառնայի տուն: Ընտանիքի աղջիկը սոփրանօ ուսանած երիտասարդ երգչուհի էր, իսկ տղան` Կարէնը, հոգեբան էր մասնագիտութեամբ, սակայն դժուարութիւն ունէր իր մասնագիտութեամբ լաւ դրամ շահելու: Արդէն շատ մտերմացած էինք: Վերջին երեկոյեան, երբ ճաշի նստած էինք, Կարէնը ըսաւ, որ իր ձեռքի աշխատանքը ինծի պիտի նուիրէ` ոսկեայ ձեռագործ «Մ» տառն էր: Անկէ ետք վերադարձայ Կիպրոս: Այնտեղ ամէն տեսնող ինծի հարց կու տար, թէ ուրկէ՞ է այդ զարդը, բոլորն ալ կ՝ուզէին գնել, շատ կը հաւնէին, երբ կը տեսնէին:
Գաղափար մը ծագեցաւ մտքիս մէջ: Ինչո՞ւ չօգնել Կարէնին իր սիրած արուեստով դրամ շահելու եւ ընտանիքը պահելու: Հեռաձայնեցի իրեն, հարց ու փորձ ըրի, թէ ինչպէ՞ս կը պատարաստէ իր զարդեղէնները: Երեւան եկաւ, որ հօր արհեստը ոսկերիչ էր ատենին եւ Կարէն իրմէ սորված էր այս նուրբ արուեստը:
Համեմատաբար փոքր գումարով օգնեցի Կարէնին որ սկսի արտադրել այդ գեղեցիկ նախշերէն: Դիմեցի տղուս, որ լաւագոյն պայմաններով կայք մը պատրաստել տայ մեզի, ուր կրնանք ցուցադրել եւ ծախել Կարէնի ձեռքին գեղեցիկ գործերը: Այսպէս սկսանք այբուբենի բոլոր տառերը պատրաստել: Այսօր, արդէն իննը տառ պատրաստած ունինք, որոնք ցուցադրուած են առցանց www.artzard.com կայքին վրայ եւ լաւ թիւով ապսպրանքներ կը ստանանք:
Հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կ’ապրիմ ամէն անգամ, որ առցանց ապսպրանք կը ստանանք: Շատ ուրախ եմ, որ չնչին ճիգով մը կրցայ Կարէնին եւ իր ընտանիքին փոքր եկամուտ մը ապահովել»:
Սքանչելի նախաձեռնութիւն մըն է Մարալի ըրածը փոքրաչափ հաստատութիւն ֆինանսաւորելու մարզին մէջ: Ջանք մը, որ աւելի քան կարեւոր է Հայրենի ժողովուրդին եկամուտը բարելաւելու եւ ամենակարեւորը՝ երիտասարդները հողին վրայ պահելու:
Մեծապէս կը գնահատենք Մարալը եւ կը քաջալերենք բոլոր նուիրեալ հայորդիները նման նախաձեռնութիւններով մեր ժողովուրդի զաւակներուն «ձուկ որսալ սորվեցնել, փոխանակ անոնց ձուկ նուիրելու…»:
«Խմբ.»