Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետերը

Յունիս 12-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ փաստաբան Ժոզէֆ Կանիմեանը։ Տիար Կանիմեանի, որ միաժամանակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ է, կ’ընկերանար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու Հիւսիսային Ամերիկայի հայ համայնքին, կաթողիկոսական երկու աթոռներու յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ միջ-կուսակցական գործակցութեան առնչուած հարցերու մասին։

Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս փոխադարձ հասկացողութեան վրայ հիմնուած գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին