Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

«Հայ Դպրոցին Առաքելութիւնը Եւ Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները Ազգայինղ Ինքնութեան Պահպանման Գործընթացին Մէջ» Ընկ. Սեւակ Յակոբեանի Զեկոյցը Ազգային Միացեալ Վարժարանի Միօրեայ Համագումարին. Նիւթ՝ «Օտար միջավայրի մէջ գտնուող հայերը մեր հաւաքական կեանքին մէջ ներգրաւելու գործօնը»

Ֆութպոլի ո՞ր խումբը կը քաջալերէք:

Գիտեմ, որ այստեղ գտնուող Արամը Եուվէնթիւսի սիրահար է:

Կան Ռէալ Մատրիտի կողմնակիցներ: Ուրիշներ Պարչալոնայի:

Այս սրահին մէջ կա՞յ մէկը, որ օրինակի համար Ալաշկերտի Ֆութպոլի խումբին սիրահարն է: Չկայ: Չէք լսած…:

Լա՛ւ: Ինչո՞ւ Եուվէնթիւս, Ռէալ Մատրիտ կամ Պարչալոնա:

Պատասխաններ. Լաւածանօթ են – Զօրաւոր – Ախոյեան – Լաւ Խաղացողներ Ունին – Մարզիչը Լաւ է –արհեստավարժ են – եւայլն

Հետեւաբար՝ ՀՐԱՊՈՒՐԻՉ մեզի համար

***

Գերաշնորհ Առաջնորդ Հայր, Յարգելի Ազգային Իշխանութեան Վարչութեան ատենապետ եւ անդամներ, սիրելի պաշտօնակիցներ եւ բարեկամներ, սիրելի ներկաներ:

Մենք վերի այս մտային թեթեւ մարզանքով կամ warm up activity-ով (ինչպէս կը կոչենք կրթական ասպարէզին) մէջ ի՞նչ ըրինք հիմա:

Թէկուզ փոքր եւ արագ, սակայն երեւոյթ մը բացատրելու համար մենք  ըրինք ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ կամ  ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆ:

Կարեւոր է չէ՞: Այլապէս տուեալ երեւոյթ մը մեկնաբանելու համար մեր տալիք բացատրութիւնը, վերլուծումն ու եզրակացութիւնը կրնար ըլլալ պարզապէս մեր ողջմտութեան վրայ հիմնուած, երբեմն նաեւ մակերեսային այսինքն ո՛չ գիտական հիմքի վրայ յենելով:

Ոչ-հայկական վարժարան (կամ ինչպէս կ՛ուզէք՝ Օտար Վարժարան կոչել) յաճախող կամ օտար միջավայրի մէջ մեծցող հայ փոքրիկներու իրավիճակին կամ երեւոյթին բացատրութիւն տալու կամ լուծումներ գտնելով զիրենք դարձեալ դէպի հայկական միջավայր առաջնորդելու համար ես կը հաւատամ, որ մենք երկար ժամանակ  որեւէ ուսումնասիրութիւն չենք կատարած կամ չենք դիմած գիտական միջոցի:

Օրինակի համար մեր վարժարաններու կամ ընդհանրապէս ազգային հաստատութիւններու  պատասխանատուները կամ անոնցմով մտահոգ անձիք արագ՝ շատ յաճախ ալ ո՛չ առարկայական մօտեցումով մը այս երեւոյթին անունը դրած են շփացածութիւն,  օտարամոլութիւն,  այլասերութիւն եւ նման ածականներով պիտակաւորած ենք մարդիկ: Այս ածականները ո՛չ միայն շատ յաճախ իրականութեան համապատասխան չեն, այլ վանողական կերպով պիտակաւորած են խնդրոյ առարկայ անձիք, որոնց առաւել խրտչեցնելով ակամայ յաջողած ենքհեռացնել հայկական մեր միջավայրէն: Իմ կարծիքով անոնք շփացած չեն: Բոլոր անոնք, որոնք առանց հիմքի պիտակաւորած են զիրենք, անոնք վտանգաւոր ու հիւանդագին ինքնահաւան են եւ այլամերժ….:

Մեզմէ ո՞վ միւսէն աւելի Հայ է: Կայ նման հասկացողութիւն: Աւելի Հայ նուազ Հայ:

Բնաւ մտածա՞ծ ենք, օղով կամ թաթուով մեր շատ մը Հայ  երիտասարդները հայկական մեր ձեռնարկներուն մասնակից դարձնելու մասին, թէ ծուռ նայած ենք անոնց: Ո՞վ աւելի Հայ է Սերժ Թանքեան, թէ Ռուբիկ Մաթեւոսեանը կամ Սիլվա Կապուտիկեանը: Կա՞յ ասոր պատասխանը:

Օր մը օրանց հարցուցա՞ծ ենք այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները Հայկական միջավայրէ հեռու պահած են, թէ ինչո՞ւ ո՛չ հայկական միջավայր ընտրած են իրենց կամ իրենց զաւակներուն համար: Այս բովանդակութեամբ ուսումնասիրութեան մը հանդիպա՞ծ էք սիրելիներ: Անձնապէս ես չեմ հանդիպած:

Տարիներ շարունակ մենք յամառած ենք կարգախօսերով առաջնորդել եւ առաջնորդուիլ քան լուրջ ուսումնասիրրութեամբ…:

Պարզ ուսումնասիրութեամբ մը, ինչպէս վերը Ֆութպոլի կէս կատակ կէս իրաւ հարցադրումով մը կատարեցինք միասին կարելի պիտի չըլլա՞ր իրական պատճառներ յայտնաբերել եւ հիմնուելով անոր արդիւնքին վրայ մեր միջավայրը, հաստատութիւններն ու դպրոցները այդ մեծաթիւ մարդոց համար աւելի ՀՐԱՊՈՒՐԻՉ դարձնել:

Ինքզինք յարգող պետութիւններ իրենց ազգային եկամուտին (GDP) մէկ կարեւոր մասը կը յատկացնեն ուսումնասիրութեան՝ իրենց երկրին եւ ազգին ապագան ծրագրաւորելու եւ համապատասխան ռազմավարութիւն մը որդեգրելու:

2015 տարուայ տուեալներով Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներ միասնաբար 300 միլիար եւրօ յատկացուցած են զարգացման միտող ուսումնասիրութիւններու, որ կը կազմէ իրենց ազգային եկամուտին 2.03 առ հարիւրը: Նոյն տարին Հարաւային Քորէա յատկացուցած է 4.29 առ հարիւր: Պէտք չէ ուրիշ շատ պատճառներ փնտռել Ասիոյ մէջ այդ շատ արագ զարգացում արձանագրող երկրին գաղտնիքը գիտնալու համար, չէ՞: Կ՛ուզէ՞ք իմանալ, թէ քարիւղով շատ հարուստ արաբական  աշխարհին մէջ համեմատաբար քանի ղրուշ կամ ազգային եկամուտին քանի առ հարիւրը ուսումնասիրութեան կը յատկացուի: Գրեթէ չյիշուող թիւ է այդ: Հիմա կը հասկնա՞ք տարբերութիւնը եւ թէ ինչո՞ւ ազգեր կամ երկիրներ կը յառաջդիմին մինչ ուրիշներ զբաղած են մրցելու, թէ որուն մօրուքը միւսէն աւելի երկար է….. չըսելու համար ուրիշ բան:

Գանք մեզի: Այստեղ չեկած փորձեցի շատ արագ ուսումնասիրութիւն մը ընել թէ մենք՝ սփիւռքահայերս, որքան կարեւորութիւն տուած ենք ուսումնասիրութեան: Չափանիշս եղաւ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի եւ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի աշխատասիրութեամբ քանի մը տարի առաջ հրատարակուած մատենագիտական գիրքը նուիրուած 1894 – 2012 տարիներուն  Լիբանանի մէջ հրատարակուած հայերէն գիրքերուն: Գիտէ՞ք սիրելիներ, որ այնտեղ նշուած հազարաւոր գիրքերէն (շուրջ 6300 անուն գիրք) միայն 8.3 առ հարիւրը ուսումնասիրական բնոյթ ունեցող գիրքեր էին: Մնացեալ շուրջ 92 առ հարիւրը՝ արձակ, բանաստեղծութիւն, թատրոն, երգարան, (ճաշի պատրաստութեան), եւայլն, գիրքեր են….: Որոշ պատկեր մը կու տայ չէ՞ այս դաշտին մէջ մեր ոչ այնքան նախանձելի իրականութեան մասին:

Տարիներ առաջ  իմ կարծիքով օգտաշատ (ազգային ժամանակակից հարցի մը նուիրուած) ուսումնասիրութիւն մը կատարած էի, զորս կ՛ուզէի հրատարակել: Դիմած էի հրատարակութիւններու նուիրուած ազգային յատուկ մրցանակի մը յանձնախումբին: Մերժուեցայ: Ներքին կարգով եւ բարեկամաբար իմացայ, որ ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան արդիւնքով յառաջ եկած ու հրատարակուելիք գիրքին մէջ տեղ գտած կարգ մը թիւերը մտահոգած են պատասխանատուները ու գնահատելով հանդերձ տարուած լուրջ աշխատանքը յարմար չէին նկատած հրատարակել զայն նախընտրելով իրականութիւնը պահել: Կրնա՞ք երեւակայել ջայլամի քաղաքականութիւնը: Մինչ դառն իրականութիւն մը բժշկելու համար ախտաճանաչմանկարիք կայ, որ այս պարագային միայն ուսումնասիրութեամբ ու գիտական հետազօտութեամբ մը եւ ոչ բանաստեղծութեամբ է, որ  կը կատարուի որպէսզի արմատականօրէն լուծուի: Անցնինք:

Դարձեալ տարիներ առաջ ուսումնասիրութիւն մը կատարած էի լիբանանահայ աշակերտներուն մասին՝ բաղդատելով Հայկական եւ ոչ-հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու քաղաքական եւ ընկերային համարկումը լիբանանեան ընկերութեան մէջ:

Այստեղ այդ ուսումնասիրութենէն միայն մէկ տուեալ կ՛ուզեմ լուսարձակի տակ առնել: Տուեալ տարին Հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտութեան հայրերուն 15.81 առ հարիւրը համալսարանաւարտ էին մինչ ոչ-հայկական վարժարան յաճախող հայ աշակերտներուն հայրերուն, համալսարանաւարտները կը կազմէին 31.43 առ հարիւր: Այսինքն կրկնապատիկը: Մօտաւորապէս նոյնն էր պատկերը մայրերու պարագային:

Կարեւոր ազդակ է չէ՞ այն երեւոյթը, որ համեմատաբար աւելի զարգացած ծնողներ իրենց զաւակները չեն վստահած հայկական կրթօճախի: Շփացածներ են անոնք….: Չեմ կարծեր:

Ես կը կարծեմ, որ անոնք այն մարդիկն են, որոնք զիրենք հրապուրող ազդակներ չեն գտած մեր հաստատութիւններուն մէջ ու նախնտրած են դիմել օտար միջավայր կամ վարժարան: Իսկ ինչո՞ւ մենք ձախողած ենք հրապուրել զիրենք: Ահաւասիկ հոս է հարցումը:

Հրապուրելը անշուշտ միայն նիւթական կամ ֆիզիքական արժէք մը չէ: Այլ զանազան տուեալներ պարտադրող լուրջ աշխատանքի կարօտ գործողութիւն մըն է:

Եկէք անկեղծ ըլլանք: Տարիներ շարունակ մեր վարժարաններու մրցակցութիւնը հիմնուած է, «ո՞վ աւելի զեղչ կու տայի» տուեալին վրայ, որ ի վերջոյ (կը ներէք պատկերին) աւելի որբանոցի մշակոյթ է: Սխա՞լ եմ: Չեմ կարծեր: Ամէն պարագայի կարելի է ուսումնասիրել:

Այլ սխալ հասկցուած մարքէթինկի գործիք մը հանդիսացած է Հայ վարժարաններու մօտ Լիբանանի Պետական Քննութիւններու իրենց աշակերտներուն յաջողութեան տոկոսներով մրցիլ: Անշուշտ լաւ բան է նման յաջողութիւնը, սակայն կը կարծէ՞ք, որ ժամանակակից ծնողքին փնտռածը կամ հրապուրածը այդ է, մինչ այդ ծնողներէն շատեր իրենց զաւակները օտար վարժարաններ կը ղրկեն ձերբազատուելու համար ճիշդ այն քննութիւններէն, որոնց արդիւնքներով մենք տակաւին կը յամառինք հպարտանալ: Այսինքն կը յամառինք կռուիլ ժամանակավրէպ զէնքերով…:

Շատ մը Հայ աշակերտներ Հայկական վարժարանը ձգած են Հայերէն դասանիւթին պատճառով: Մենք անշուշտ անմիջապէս անոնց այպանած ենք, որպէս օտարամոլ: Բնաւ ուսումնասիրա՞ծ ենք տուեալ դասանիւթը դասաւանդող ուսուցիչ կամ ուսուցչուհիին ատակութիւնը ժամանակակից դասաւանդման: Բնաւ նկատի ունեցա՞ծ ենք մեր գիրքերուն իրավիճակը ինչ, որ կարեւոր ազդակներէն է դասանիւթ մը սիրելու կամ ատելու…: Հարցում է: Իսկ եթէ վերոյիշեալ տուեալները պատճառ են Հայ փոքրիկին հայկական վարժարանէ հեռու մնալու, հայկական վարժարանը իր գոյութեան ճիշդ հակառակ նպատակին չէ՞ ծառայած…: Դարձեալ հարցում մըն է եւ կարօտ խորունկ, շա՜տ խորունկ ուսումնսասիրութեան եւ… սրբագրութեան:

Այստեղ համագումարին մասնակցութենէս առաջ դարձեալ արագ ուսումնասիրութիւն մը կատարեցի, այսօր երեւոյթ հանդիսացող՝ աշակերտական աճ եւ լաւ համբաւ ունեցող լիբանանահայ վարժարանի մը մէջ, որուն  կրթաթօշակն ալ համեմատաբար աւելի բարձր է քան մեր շատ մը վարժարաններունը: Ուսումնասիրութիւնս կեդրոնացաւ հոն դարձեալ երեւոյթ հանդիսացող պարագայի մը վրայ, որն է օտար վարժարաններէ հոն վերադարձող աշակերտներուն ծնողներուն վրայ: Այնտեղ երեւան եկան զիրենք հրապուրող զանազան տուեալներ, որոնք հեռու էին մեր այսպէս կոչուած ողջմտութեամբ (common sense) յառաջացող եզրակացութիւններէն: Զիրենք հրապուրողը վարժարանին վարկը, յարաճուն աճը եւ ի գործ դրած նոր ծրագիրներն էին, որոնք գրեթէ անգոյ են Հայկական միւս վարժարաններուն մէջ: Ձեր դրամները, ո՞ր դրամատան կը վստահիք սիրելիներ: Միշտ վնասող եւ վտանգուա՞ծ, թէ յարաճուն վերելք արձանագրող դրամատան մը…:

Իմ զեկոյցին նպատակը այսօր կախարդական լուծումներու յանգիլ չէ: Ո՛չ ալ հաւակնութիւնը կամ կարողութիւնը ունիմ անոր: Այլ ընտրեցի միասնաբար խորհրդածելու մեթոտը համեստօրէն փորձելով հորիզոններ բանալ ու շեշտը դնել գիտական մօտեցումով մեր հարցերուն, բոլոր հարցերուն, լուծումներ գտնելու կարեւորութեան վրայ, որուն համար ես պատրաստ եմ սիրայօժար գործակցութեան:

Շատ ուրախ եմ , որ Ազգային Միացեալ Վարժարանը իրականութիւն դարձած է այսօր թէկուզ քիչ մը ուշացած: Ազգային Միացեալ Վարժարանը իր ամէն մակարդակի հսկայութեամբ Լիբանանահայ վերջին 20 ամեայ պատմութեան մէջ նորութիւն մըն է եւ մեծ նուաճում: Մօտէն կը հետեւիմ անոր նախապատրաստական աշխատելաձեւին եւ որպէս հետեւանք աւելի ուրախ եմ, որ անոր պատասխանատւները որդեգրած են ժամանակակից մօտեցում անոր յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար: Վերջին մէկ տարուայ նախապատրաստական աշխատանքներուն տեսակն ու որակը որոնց շարքին այսօրուան Համագումարը ըսածս կը հաստատէ:

Ի խորոց սրտի մաղթանքս է սակայն, որ այս նուաճումը ունենայ զայն միշտ իր բարձրունքին պահելու նուիրուած եւ յարաճունութեան ձգտող արհեստավարժ ու յարատեւող աշխատելաոճ:

Շնորհակալութիւն այս առիթին համար: Յաջողութիւն բոլորիս:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին