Յունիս 12-ի առաւօտեան, Անթիլիասի Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ փաստաբան Ժոզէֆ Կանիմեանը։ Տիար Կանիմեանի, որ միաժամանակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ է, կ’ընկերանար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու Հիւսիսային Ամերիկայի հայ համայնքին, կաթողիկոսական երկու աթոռներու յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ միջ-կուսակցական գործակցութեան առնչուած հարցերու մասին։
Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս փոխադարձ հասկացողութեան վրայ հիմնուած գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը։