Հաճելի էր «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ հանդիպիլ ԹՄՄ Տեղական Վարչութեան ժրաջան անդամ՝ դեղագործ եւ արուեստագիտուհի Լենա Այտընեանի հետ, որ կը պատրաստուի «4 Սերունդներ» խորագիրով յառաջիկայ ամիս ցուցահանդէս մը տալ Երեւանի մէջ:
«Նկարել սկսած եմ փոքր տարիքէս: Կը նստէի մեծ հօրս աշխատանքներուն առջեւ եւ երկար կը նայէի, տեսակ մը անհասկանալի կապ կար իմ եւ այդ աշխատանքներուն միջեւ», կը վկայէ արուեստագիտուհին:
«Մօրենական Մեծ հայրս Սահակ Ոսկեան ծնած է 1910 թուականին: Ցեղասպանութեան օրերուն` գաղթի ժամանակ, մայրը մահացած է զոյգ երեխայ ծննդաբերելու պահուն: Ճանապարհին, մեծ հօրս հայրը եւ մեծ եղբայրը նոյնպէս մահացած են, իսկ զոյգերը որդեգրած են անգլիացիները: Ան շատ դժուարութեամբ կրցած է հասնիլ Յունաստան, Գորֆուի որբանոցը, բայց երբ մեծ հօրս քեռին իմացած է, որ ան Յունաստան է, զայն բերել տուած է Դամասկոս: Ցաւօք սրտի ան 47 տարեկանին մահացած է: Իր աշխատանքներուն մէկ մասը մենք կրցած ենք գտնել եւ պահպանել: Այդ գործերէն հինգը պիտի ներկայացուին Հայսատանի մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէսին:
2002 թուականէն ես պաշտօնապէս սկսայ նկարել եւ ցուցահանդէսներու մասնակցիլ: Այդ ժամանակ ես ինծի խօսք տուի, որ մեծ հօրս նկարները եւս պէտք է օր մը ներկայացնեմ ցուցադրութեան, որովհետեւ կենդանութեան օրով ան չէր յաջողած ընել ատիկա, այն ժամանակ ոչ ոք գիտէր անոր տաղանդին մասին: Մեծ հօրս ցուցահանդէսը պէտք է աւելի շուտ ըլլար, բայց տարբեր պատճառներով միշտ կը յետաձգուէր:

«4 Սերունդներ» ցուցահանդէսին կը մասնակցին նաեւ մօրաքոյրս՝ Արփինէն, զարմուհիս՝ Սարին Ոսկեան, քոյրս՝ Դանիա Այտընեան, դուստրս՝ Սելին Ջաղլասեան եւ ես:
Ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 7–ին, Երեւանի մէջ, Հայասանի Նկարիչներու Միութեան շէնքի ցուցասրահին մէջ, ՀՀ Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններուն հովանաւորութեամբ: Բացի մեծ հօրս հինգ գործերէն, միւս գործերը պիտի ներկայացուին վաճառքի, որմէ եկած հասոյթը պիտի ուղղուի Արցախին: Ցուցահանդէսը պիտի գործէ երեք օր՝ Յուլիս 7-9» եզրափակեց արուեստագիտուհին:
«Խմբ.»






