*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Նկարին մէջ երեւցողը գայլերու վոհմակ մըն է: Առջեւէն քալող երեքը՝ ծեր գայլերն են: Անոնք առջեւէն կը քալեն ընթացքը պահպանելու համար, որ աւելի երիտասարդ ու անփորձ գայլերը առջեւ վազելով ինքզինքնին չվտանգեն:
Յաջորդող հինգ գայլերը ամենազօրաւոր կառուցուածքովներն են: Անոնց պարտականութիւնն է յարձակումի մը պարագային, վոհմակին յառաջապ պաշտպանները ըլլան:
Մէջտեղի խումբը, համեմատաբար, տկարակազմերն են որոնց ապովութիւնը երաշխաւորուած է:
Անոնց ետեւէն քալող հինգը դարձեալ լաւագոյներէն են, որոնց պարտականութիւնն է վոհմակին յետսամասը ապահովել յարձակումի պարագային:
Ամենավերջինը՝ վոհմակին ղեկավարն է: Անոր պարտականութիւնն է վստահ ըլլալ որ իր խումբէն ոչ մէկը ետ մնացած է: Ան ետեւէն հսկելով խումբը միասին եւ նոյն գիծին վրայ կը պահէ: Ան դէպի յառաջ կը դիտէ եւ միշտ պատրաստ է վազելու այն ուղղութեամբ, որ իր պէտքը կը զգացուի: Ան իր խումբի իւրաքանչիւր անդամին «թիկնապահն» է:
Սիրելի՛ ընթերցող, ես այս բանը քեզի կը պատմեմ մտածելով որ թերեւս կ’ուզես իմանալ թէ ի՞նչ կը նշանակէ ՂԵԿԱՎԱՐ ըլլալ…: