Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցներու Այցը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին

Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցներու Այցը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին

1 Հոկտեմբեր 2008-ին, Հայաստանի Հարապետութեան կառավարութեան կազմին մէջ սկսաւ գործել Սփիւռքի Նախարարութիւնը: ՀՀ նախագահի հրամանագրով նախարար նշանակուեցաւ Հրանոյշ Յակոբեանը:

Քսանմէկերորդ դարու հայկական պետականութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր որակ, ձեւ եւ բովանդակութիւն հաղորդել հայոց պետականութեան ամրապնդման եւ հայապահպանութեան գրաւականին:

Հայաստան- Սփիւռք գործակցութեան հիմնական նպատակը պատմական հայրենիքի մէջ հաստատուած կամ արտերկրի մէջ բնակող իւրաքանչիւր հայու՝ Հայաստանի հանրապետութեան քաղաքացիի, արցախցիի կամ սփիւռքահայի հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, անոր օրինական շահերու պաշտպանութիւնն է, միջազգային իրաւունքի շրջանակներու եւ հայ ազգային ինքնութեան որակներու հսկողութիւնը, ինչպէս նաեւ հայապահպանութիւնը:

Հետեւաբար, Ուրբաթ 3 Յունիս 2017-ին վարժարանս այցելեցին Մարինէ Յարութիւնեան՝ Սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան աշխատակից, ինչպէս նաեւ՝ Ժենիա Կիւլպէնկեան՝ Մերձաւոր և Միջին Արեւելքի վարչութեան աշխատակից որոնք անդրադարձան, թէ իրենց նպատակն է ուսումնասիրել համայնքի կառուցուածքի եւ կառոյցներու խնդիրները, եւ թէ զիրենք կը հետաքրքրէ վարժարանիս գործունէութեան առկայ դժուարութիւնները:

Տեսչարանին մէջ հանդիպում մը ունենալէ ետք, յարգարժան հիւրերը, հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանին, անդամներուն ու տնօրէնուհիին հետ շրջեցան բոլոր դասարանները ու տեսակցեցան աշակերտներուն հետ, որոնց համար տօնական օր մըն էր այդ օրը, որովհետեւ անոնք անհամբեր կը սպասէին հայրենիքէն ժամանած թանկագին հիւրերը:

Հանդիպումին աւարտին, վարժարանիս Ատենապետն ու Տնօրէնուհին, ազնուափայլ հիւրերուն յանձնեցին՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին ուղղուած գեղեցիկ յուշանուէր մը:

Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին