ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանրապետութեան տօնի առթիւ, 24 Մայիս 2017 թուակիր հրամանագրով, Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ատենադպիր, ազգային եւ կուսակցական գործիչ Պրն. Հայրապետ (Հայկ) Լէփէճեանը, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ իր ներդրած մեծ աւանդին համար:
Նշենք, որ Ընկ. Հայկ Լէփէճեան, Աւստրալիոյ ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ատենապետն է, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան գործակից անդամը: