Մոսկուայի մէջ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ կայացած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալպանտեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Էլմար Մամետեարովի աշխատանքային հանդիպումը:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, հանդիպումին ընթացքին շարունակուած են քննարկումները ղարաբաղեան կարգաւորման բանակցային գործընթացը առաջ մղելու շուրջ: Ընդգծուած է Վիեննայի եւ Ս․ Փեթերսպուրկի մէջ 2016-ի Ապրիլին եւ Յունիսին կայացած գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները երախտագիտութիւն յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան ԱԳ նախարարին` ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ հանգուցալուծման աջակցելուն ուղղուած շարունակական ջանքերու համար: Նախարարները որոշած են շարունակել շփումները քննարկուած բոլոր հարցերու առնչութեամբ:
Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախարարներու եռակողմ հանդիպումէն ետք անոնց միացած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը: Կայացած է մտքերու փոխանակում` ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:






