Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ 27 Ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, հազարապետ-զօրավար Լեւոն Մնացականեանը հրաւիրած է ծառայողական խորհրդակցութեան, մասնակցութեամբ՝ բանակի հրամանատար տեղակալներու, շտապի բաժիններու եւ ծառայութեան պետերու:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են համաբանակային նշանակութեան ընթացիկ եւ յառաջիկայ ընելիքները, որոնց վերաբերեալ բանակի հրամանատարը տուած է անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ:






