Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

«Արի Տուն» Ծրագիրի Աւարտէն Ետք Շատ Սփիւռքահայեր Կը Փորձեն Հաստատուիլ Հայաստան

ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նշած է, որ ծրագիրը այս տարի պիտի սկսի Յունիս 18-ին եւ պիտի ընթանայ 8 փուլով: «Այս ծրագիրին իւրաքանչիւր տարի ալ աւելի շատ երիտասարդ կը ցանկայ մասնակցիլ: Արիտունցիներէն շատերը ծրագրի աւարտէն ետք կը փորձեն հաստատուիլ Հայաստան»,-ըսած է ան:

Սրապիոնեան նշած է, որ ծրագրին նպատակն է աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայաստան հայրենիքը, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը:

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեանի խօսքով` ծրագրին  արդէն 13-18 տարեկան 8000 երիտասարդ մասնակցած է:

«Ուրախալին այն է, որ Երեւանի մէջ շատ են ցանկացողները, որոնք կ’ուզեն այդ երեխաները ընդունիլ իրենց յարկին տակ»,- նշած է Գեանջումեան` աւելցնելով, որ արդէն քանի մը տարիէ գեղեցիկ աւանդոյթ մը ձեւաւորուած է ծրագրի ծիրէն ներս: «Վերջաւորութեան արիտունցիները քարի կտորներու վրայ խաչքար կը պատրաստեն եւ ատիկա ակամայ կը դառնայ  իրենց մասունքը Հայաստանէն»,- աւելցուցած է ան։

«Արի տուն» ծրագրի ընթացքին երիտասարդները կրնան հիւրընկալուիլ բարեկամներու տունը, իսկ եթէ չունին` Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններուն մէջ, ՀՀ մարզպետարաններու եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ընտրուած ընտանիքներու մէջ: Երիտասարդները ընտանիքներուն մէջ կը հիւրընկալուին անհատոյց: Ծրագրին մասնակցութեան համար խումբերու եւ անհատներու հաւաքագրումը եւ Հայաստան այցելութեան գործընթացը կ՛իրականացուի Սփիւռքի համայնքային կառոյցներու, կրթօճախներու, հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ` տուեալ երկրին մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աջակցութեամբ: Ծրագրին մասնակցելու համար կրնան դիմել  նաեւ անհատապէս` տեղեկացնելով համապատասխան համայնքային կառոյցին: Հայաստան այցելող երիտասարդները իրենց ճանապարհածախսը կը հոգան սեփական կամ հովանաւորներու միջոցներով:

«Արի տուն» ծրագրի ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը յանձն կ’առնէ երիտասարդներուն դիմաւորումը եւ ճանապարհումը, կը կազմակերպէ հայոց լեզուի դասընթացքներ,   թանգարաններու այցելութիւններ, Հայաստանի տեսարժան վայրերու շրջայցեր: Ճամբարային փուլին մէջ կ՛իրականացուին նաեւ ուսուցողական ծրագիրներ` հայոց լեզուի, հայրենագիտութեան, ազգային երգի ու պարի դասընթացքներ: Կը կազմակերպուին հանդիպումներ Հայաստանի պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ եւ այլն: Պտոյտներու ժամանակ անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով անոնց կ՛ուղեկցին բժիշկը եւ ոստիկանական անձնակազմը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին