Ապրիլ ամսուան ընթացքին Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը կը վերածուի փոքր Հայաստանի, ի ներկայութեան Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշարձանին։
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, վարժարանիս աշակերտները մասնակից դարձան Ս. Պատարագին, որ նուիրուած էր Մեծ Եղեռնի մէկուկէս միլիոն մարտիրոսներու անմահ յիշատակին։
Այնուհետեւ, վարժարանիս շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Եղեռնեան ոգեկոչում: Բացման խօսքով, 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Թամար Կանիմեան ըսաւ. «Նենգամիտ եւ խորամանկ թուրքը, 102 տարի ետք, տակաւին կը փորձէ խաթարել հայու ազգային նկարագիրը, այս անգամ սուր եւ կացին չգործածելով, այլ՝ մշակոյթի ճամբով, թրքաբարոյ երեւոյթներով, պատմութիւնը խեղաթիւրելով»: Ան ըսաւ, թէ երէկ թուրքն էր, իսկ այսօր ազերին՝ ցցուած մեր դիմաց, ու իր խօսքը հերոս արցախցիներուն ուղղելով ըսաւ. «Երէկ, 100 տարիներ առաջ, մենք չկրցանք ըլլալ մեր բիւրաւոր նահատակներուն հետ, սակայն այսօր մենք կա՛նք, հոս ենք, սիրտով ու հոգիով ձեզի հետ ենք, կը զօրակցինք ձեզի պայքարի բոլոր ձեւերով»:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, 2-րդ դասարանը՝ «Հայրենիք», 4-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ «Հողը Որբացած», իսկ 5-րդ դասարանը՝ «Ղարաբաղ» ասմունքներով: Վարժարանիս երգչախումբը ներկայացուց երեք երգեր՝ «Տուն Իմ Հայրենի», «Ապրելու Ապրիլ» եւ «Հայորդիք»: Այնուհետեւ, 6-րդ դասարանէն Սելին Գոգեան ներկայացուց Գէորգ Էմինի «Մենք» բանաստեղծութիւնը, 9-րդ դասարանէն Սթեֆանի Փափազեան՝ Վահան Թէքէեանի «Պիտի Իյնաս»ը, իսկ 7-րդ դասարանէն Ռաֆայէլ Մխսեան՝ Սիամանթոյի «Պարը»:
Հանդիսութեան աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան խօսք առնելով ըսաւ, թէ ճիշդ է որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող ու դատապարտող իւրաքանչիւր երկրի հետ կ’ուրախանանք, քայլարշաւներու եւ ոգեկոչումներու կը մասնակցինք, բայց այս բոլորը բաւարար չեն, մեզի պէտք են հայ լեզուին, պատմութեան ու մշակոյթին քաջածանօթ նոր սերունդներ, որոնք հպարտ են իրենց ինքնութեամբ, հայկականութեամբ, հայերէնը անաղարտ կը պահեն, տեղեակ են հայոց պատմութենէն, եւ այս բոլորով հզօրացած կը շարունակեն մնալ պահանջատէր եւ միշտ իրենց հայրենիքին կողքին:
Աւարտին, տնօրէնուհի Տիկ. Պոյաճեանի եւ գերյարգելի հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեանի առաջնորդութեամբ, աշակերտները ծաղիկներ զետեղեցին մանրակերտ Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ