Ապրիլ 26 լոյս 27-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է 45 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 350 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն մարտավարական իրադրութեան եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:






