Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

«Խոստումը» Ֆիլմը Կը Հասնի Իր Նպատակին. Economist-ի Անդրադարձը

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմը չէ ստեղծուած ֆինանսական մեծ շահոյթ ապահովելու համար, անոր ստեղծման նպատակը լոյս սփռելն է յաճախ անտեսուող պատմական իրադարձութեան վրայ: Ըստ «Արմենփրես»-ի, այս մասին կը գրէ հեղինակաւոր «Economist» պարբերականը:

«Պատմական տրամա ազգային ողբերգութեան մասին` ասիկա այն ֆիլմերէն է, որ Հոլիվուտը կը սիրէ: Սակայն աւելի քան մէկ դար սենարիստներն ու արհեստանոցները (studio) երես դարձուցին այս պատմութենէն»,­- կը գրէ լրատուամիջոցը` ներկայացնելով «Խոստումը» ֆիլմը, ուր նկարահանուած են օսքարակիր դերասան Քրիստիան Պէյլը, Օսքար Այզեքը, Շարլոթ լէ Պոնը եւ այլք: Ֆիլմի նկարահանումները հնարաւոր եղան հայ մեծահարուստ Քըրք Գըրգորեանի շնորհիւ, որ ստեղծեց Survival Pictures ընկերութիւնը` նպատակ ունենալով կրթել աշխարհը Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով: «Խոստումը» ֆիլմի նկարահանման գործին մէջ ան ներդրեց 100 միլիոն տոլար:

Ապրիլ 21-էն ցուցադրութեան սկսած ֆիլմը առաջին շաբթուան ընթացքին հաւաքեց ընդամէնը 4,1 միլիոն տոլար, ինչ որ պատմականօրէն ցած եկամուտ է 100 միլիոն տոլարնոց ֆիլմի մը համար: Որոշ մասնագէտներու կարծիքով ալ` ամբողջ աշխարհի մէջ ֆիլմը պիտի հաւաքէ 20 միլիոն տոլար, ինչ որ ձախողութիւն կրնայ համարուիլ ֆիլմին համար: «Սակայն «Խոստումը» չի կրնար դատուիլ միայն տնտեսական չափորոշիչներով, քանի որ Գըրգորեան հետաքրքրութիւն չէ ունեցած ետ ստանալ իր ներդրումը: Թերեւս մենք պէտք չէ դատենք զայն բացառապէս գեղարուեստական չափանիշներով եւս: «Խոստումը» ստեղծուած է լոյս սփռուելու յաճախ անտեսուող պատմական իրողութեան վրայ, եւ նոյնիսկ միջին գնահատականներով գրախօսութեան ու դրամարկղի միջին թիւերու պարագային ալ ան կը հասնի իր նպատակին: Օր մը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը պաշտօնապէս վերագրուի, «Խոստումը» ֆիլմը պիտի ունենայ անոր մէջ իր դերակատարութիւնը»,­- կ՛եզրափակէ «Economist»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին