ՀՀ Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նշած է, որ ծրագիրը այս տարի պիտի սկսի Յունիս 18-ին եւ պիտի ընթանայ 8 փուլով: «Այս ծրագիրին իւրաքանչիւր տարի ալ աւելի շատ երիտասարդ կը ցանկայ մասնակցիլ: Արիտունցիներէն շատերը ծրագրի աւարտէն ետք կը փորձեն հաստատուիլ Հայաստան»,-ըսած է ան:
Սրապիոնեան նշած է, որ ծրագրին նպատակն է աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայաստան հայրենիքը, անոնց մէջ սերմանել ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը:
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեանի խօսքով` ծրագրին արդէն 13-18 տարեկան 8000 երիտասարդ մասնակցած է:
«Ուրախալին այն է, որ Երեւանի մէջ շատ են ցանկացողները, որոնք կ’ուզեն այդ երեխաները ընդունիլ իրենց յարկին տակ»,- նշած է Գեանջումեան` աւելցնելով, որ արդէն քանի մը տարիէ գեղեցիկ աւանդոյթ մը ձեւաւորուած է ծրագրի ծիրէն ներս: «Վերջաւորութեան արիտունցիները քարի կտորներու վրայ խաչքար կը պատրաստեն եւ ատիկա ակամայ կը դառնայ իրենց մասունքը Հայաստանէն»,- աւելցուցած է ան։
«Արի տուն» ծրագրի ընթացքին երիտասարդները կրնան հիւրընկալուիլ բարեկամներու տունը, իսկ եթէ չունին` Երեւան քաղաքի վարչական շրջաններուն մէջ, ՀՀ մարզպետարաններու եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ընտրուած ընտանիքներու մէջ: Երիտասարդները ընտանիքներուն մէջ կը հիւրընկալուին անհատոյց: Ծրագրին մասնակցութեան համար խումբերու եւ անհատներու հաւաքագրումը եւ Հայաստան այցելութեան գործընթացը կ՛իրականացուի Սփիւռքի համայնքային կառոյցներու, կրթօճախներու, հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ` տուեալ երկրին մէջ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու աջակցութեամբ: Ծրագրին մասնակցելու համար կրնան դիմել նաեւ անհատապէս` տեղեկացնելով համապատասխան համայնքային կառոյցին: Հայաստան այցելող երիտասարդները իրենց ճանապարհածախսը կը հոգան սեփական կամ հովանաւորներու միջոցներով:
«Արի տուն» ծրագրի ծիրէն ներս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը յանձն կ’առնէ երիտասարդներուն դիմաւորումը եւ ճանապարհումը, կը կազմակերպէ հայոց լեզուի դասընթացքներ, թանգարաններու այցելութիւններ, Հայաստանի տեսարժան վայրերու շրջայցեր: Ճամբարային փուլին մէջ կ՛իրականացուին նաեւ ուսուցողական ծրագիրներ` հայոց լեզուի, հայրենագիտութեան, ազգային երգի ու պարի դասընթացքներ: Կը կազմակերպուին հանդիպումներ Հայաստանի պետական, հասարակական, մշակութային գործիչներու հետ եւ այլն: Պտոյտներու ժամանակ անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով անոնց կ՛ուղեկցին բժիշկը եւ ոստիկանական անձնակազմը: