Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Թաներ Աքչամի Նոր Բացայայտումը

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, յօդուած մը հրապարակելով՝ կը ներկայացնէ Քլարք համալսարանի դասախօս, թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը եւ կը նշէ. «Աւելի քան մէկ դար Թուրքիա կը հերքէ հայոց կոտորածներու կազմակերպման գործին մէջ իր դերակատարութիւնը՝ առարկելով, որ յետ-պատերազմեան դատավարութիւններու ընթացքին քննուած փաստաթուղթերու բնօրինակները չկան»։ Թերթը կ՛աւելցնէ, որ Աքչամ յայտնաբերած է փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն թրքական պետութեան մեղաւորութիւնը:

Ըստ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթին՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը կը գրէ, որ թուրք պատմաբանը արժէքաւոր փաստաթուղթեր յայտնաբերած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ: Խօսքը կը վերաբերի այն հեռագիրին, որուն հիմամբ Պեհաէտտին Շաքիրի դէմ դատավճիռ արձակուած է: Ապա, այլ փաստաթուղթերու նման անհետացած է արխիւներէն՝ ստիպելով հետազօտողներուն յոյսը դնել միայն օսմանեան պաշտօնաթերթերու ամփոփումներուն վրայ:

Թուրք պատմաբանը յոյս ունի հաւաքագրելու բոլոր անհետացած ապացոյցները եւ փաստ առ փաստ ներկայացնելու զանոնք՝ ընդդէմ Թուրքիոյ ժխտողականութեան: «Իմ խորին համոզումը իբրեւ թուրք այն է, որ ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ կրնան հաստատուիլ միայն դէմ յանդիման գալով պատմութեան  հետ եւ պատմական մեղքերը ճանչնալով», ըսած է Աքչամ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին