Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը կը յայտարարէ «Արուեստը յանուն խաղաղութեան» (Arts for Peace) խորագիրով միջազգային նոր նախագիծի մեկնարկի մասին:
Նախագիծի գեղարուեստական ղեկավարն է իտալացի դաշնակահար, խմբավար, Արցախի պատանի երաժիշտներու «ՏՆՋՐԷ» միջազգային փառատօնի մասնակից եւ պաշտօնական նուագակցող (2013, 2015) Լուքայ Ֆերինին, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է իր նպաստը բերելու Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման, մշակութային նոր կապերու ստեղծման ու ամրացման, արուեստի միջոցով խաղաղութեան ամրապնդման:
Ծրագիրը ընթացք պիտի առնէ Ապրիլ 27-ին, ժամը 17:00-ին Շուշիի մէջ` Լուքա Ֆերինիի, սլովենացի ջութակահար Չրտոմիր Շիշկովիչի, քլարնեթահար Եոժէ Կոտարի եւ պելճիքացի թաւջութակահար Սեւակ Աւանեսեանի համատեղ համերգով:
Ապրիլ 30-ին, ժամը 18:00-ին ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կայանալիք համերգին հիւրերուն պիտի միանան արցախցի երիտասարդ երաժիշտները: Համերգներուն պիտի ներկայացուին յայտնի դասական եւ ժամանակակից երգահաններու ստեղծագործութիւններ:
Նախագիծի ծիրէն ներս` Ապրիլ 28-29 Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական գոլէճին մէջ տեղի պիտի ունենան ջութակի եւ քլարնեթի վարպետութեան դասեր: