Ապրիլ 28-ին Մոսկուայի մէջ պիտի կայանայ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներ Սերկէյ Լաւրովի, Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին հրաւէրով:
Հանդիպման նպատակը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերող հարցերու քննարկումն է:






