Ապրիլ 25 լոյս 26-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարը խախտած է շուրջ 55 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 650 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:






