Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցի Ձեռնարկները Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ Ապրիլ 23-ին եւ 24-ին տեղի ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած շարք մը ձեռնարկներ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն։

«Ապրիլ 23-ին Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Հայ Առաքելական առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ կայացաւ յիշատակի ձեռնարկ, որուն ընթացքին տեղի ունեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բանախօսութիւն եւ քննարկում:

Ապրիլ 24-ին Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Արմաշ արքեպիսկոպոս Նալպանտեանի կողմէ մատուցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի Սուրբ Պատարագ, որուն ներկայ էին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան, ՍԱՀ Ժողովրդական ժողովի պատգամաւոր, Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Նորա Արիսեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաութեան, Դամասկոսի քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներ ու պատուիրակներ, հայկական համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ: Պատարագէն ետք՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ՝ մատուցուեցաւ Սրբոց Նահատակաց բարեխօսութեան կարգ:

Նոյն օրը ձեռնարկ տեղի ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ  ՀՀ դեսպանութեան մէջ: Դիմելով ներկաներուն` դեսպան Փոլատեան նշեց, որ Ցեղասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի անց՝ մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը վառ է հայ ազգի յիշողութեան մէջ: Դեսպանը ընդգծեց նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ծանր ռազմաքաղաքական իրադրութեան պայմաններուն մէջ հայ համայնքի հաւաքականութեան եւ համախմբուածութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնական ըլլալու կարեւորութիւնը:

Ապրիլ 24-ի երեկոյեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերեաց եկեղեցւոյ մէջ, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաութեանի ղեկավարութեամբ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ աղօթք: Այնուհետեւ, Հայ Կաթողիկէ Արմինիըն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ոգեկոչում ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբոց Նահատակաց» խորագիրով յուշահանդէսը` Դամասկոսի ազգային միութիւններու մասնակցութեամբ: Ձեռնարկին բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Կիպրոսի Հայ Առաքելական թեմի նախկին առաջնորդ Վարուժան արքեպիսկոպոս Հերկելեան»,- նշուած է ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին