«Ուր ալ ըլլանք Ապրիլ 24-ին, մենք սրտով հայ ժողովուրդին հետ ենք»: Դիմատետրի իր էջին, ըստ «Panorama.am»-ի, գրած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է: Ով չ’ընդունիր «ցեղասպանութիւն» բառը, ան կասկածի տակ կը դնէ զոհերուն թիւը, կը քննարկէ` եղա՞ծ է, թէ՝ ոչ»,- գրած է ան` յիշեցնելով, որ Ռուսիոյ պետական դուման 1995 թուականին ընդունած է բանաձեւ՝ պատմական հայրենիք` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ 1915-1922 թուականներուն հայ ժողովուրդին նկատմամբ իրականացուած Ցեղասպանութեան դատապարտման մասին: