Ապրիլ 24-ին եռօրեայ պաշտօնական այցով Երեւան ժամանած է Հնդկաստանի փոխ նախագահ Մոհամմատ Համիտ Անսարին:
Հնդկաստանի փոխ նախագահին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
Այցի ծիրէն ներս Հնդկաստանի փոխնախագահը Ապրիլ 25-ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդ եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ան այցելեց նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, գրառում կատարեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ․ «Այս յուշահամալիրը վառ վկայութիւն է, որ հայերը տուժած են դաժան բռնութիւնէ։ Միայն յենուելով ազատութեան եւ հանդուրժողականութեան արժեքներու վրայ՝ մենք կրնանք խաղաղ ու ներդաշնակ ապագայ կառուցելու յոյս ունենալ»,- գրած է ան։
Ան Ծիծեռնակաբերդի տարածքին, Յիշատակի պուրակին մէջ եղեւնի տնկեց, կը յայտնէ «Նիուզ»-ը:
Անսարին իր այցի ծիրէն ներս հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի հետ:
Համիտ Անսարին պիտի հանդիպի նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսական անձնակազմի եւ ուսանողներու հետ, պիտի այցելէ նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկ` Մատենադարան








