Շաբաթ, 31. 01. 2026

spot_img

«Փիւնիկ» Բարեգործական Հիմնադրամը Եղեւնի Տնկեց Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ Տարելիցին Առիթով

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած, երէկ, Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի այգիի յարակից տարածքին, մարդկային միջոցներու զարգացման Փիւնիկ բարեգործական հիմնադրամը եղեւնի տնկեց։ Հիմնադրամին անունով ծառատունկը կատարեցին համանախագահներ Լեւոն Սարգսեան եւ Գաբրիէլ Չենպերճեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Panorama.am»-ը։

«Ապրիլ 24-ին առիթով այս հնարաւորութիւնը տրուեցաւ մեզի, որ ծառ մը տնկենք մեր հիմնադրամին անունով։ Ասիկա մեզի համար մեծ պատիւ է»,- նշեց Փիւնիկ բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չենպերճեան։

Նշենք, որ յուշահամալիրի տարածքին գործող թանգարանի նոր մասնաշէնքին կառուցումն ու վերանորոգումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին՝ ստանձնած էր Փիւնիկ հիմնադրամը:

Արարողութեան, հիմնադրամի անդամներէն բացի, ներկայ էին նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին