Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Վենետիկի 2017-ի Միջազգային Ցուցահանդէսին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Երեք Արուեստագէտ

Վենետիկի «Viva Arte Viva» արուեստի միջազգային 2017-ի ցուցահանդէսին (Մայիս 13 – Նոյեմբեր 26) Հայաստանը պիտի ներկայացնեն արուեստագէտներ Ռաֆայէլ Մէկալը, Ժան Պօղոսեանը եւ Միրօ Պերսօլեան:

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ Ռաֆայէլ Մէկալը պիտի ներկայանայ «Յովազները իմ ծաղկած այգիին մէջ» ցուցադրութեամբ: Մէկալի արուեստը ազգային զարդանախշերու եւ հայ մշակոյթին բնորոշ տարրերու նորովի մօտեցմամբ կը պատկերէ մարդու եւ բնութեան փոխյարաբերութիւնները: 2013-ին «Մարութայ սար» մեծածաւալ ստեղծագործութեան համար ան արժանացած է Ֆլորենսիայի ցուցահանդէսի «Լորենցօ Մետիչի» արծաթէ մետալին եւ ՀՀ վաստակաւոր նկարիչի կոչման:

Պրիւքսէլ բնակող լիբանանահայ քանդակագործ եւ նկարիչ Ժան Պօղոսեան պիտի ներկայացնէ «Անշէջ կրակ» կոչուող ցուցադրութիւնը: Անիկա կը խորհրդանշէ զօտալամբին կրակը, որ Ժան Պօղոսեան կ’օգտագործէ իբրեւ «Հրէ վրձին»` իր անշէջ գործերը կերտելու համար: Ան բազմաթիւ անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է աշխարհի լաւագոյն պատկերասրահներուն մէջ (Պրիւքսէլ, Ապու Տապի, Պէյրութ):

Հայկական տաղաւարի 3-րդ մասնակիցը իտալաբնակ սլովենացի Միրօ Պերսօլեանն է: Անոր «Առանց սահմանի» ցուցադրութիւնը կարմիր եւ կապոյտ գոյներու համադրութեամբ կ’ընդգծէ արուեստի սահմաններ չունենալը:

Ցուցահանդէսին Հայաստանի ազգային տաղաւարի յանձնակատարը ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնն է, ի դէմս Սուետլանա Սահակեանի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին