Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Պուէնոս Այրէսը Ապրիլ 24-ը Հռչակած է Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

Պուէնոս Այրէսի քաղաքային օրէնսդիր մարմինը՝ Ապրիլ 20-ին կայացած նիստով՝ հաւատարիմ մնալով մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնառութեան՝ «Յիշողութիւն, ճշմարտութիւն, արդարութիւն եւ փոխհատուցում» կարգախօսին ներքոյ,  Ապրիլ 24-ը յայտարարած է թրքական պետութեան կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Այս մասին կը յայտնէ «Prensa Armenia»-ն:

Օրէնսդիր մարմնի մարդու իրաւունքներու երաշխաւորման եւ հակախտրականութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Գամբանիոլիի եւ օրէնսդիր Գարլոս Թոմատայի համահեղինակած բանաձեւը կը վերաբերի նաեւ Ապրիլ 24-ին Արժանթինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի կեցավայրին դիմաց նախատեսուած ձեռնարկին, որ պիտի յաջորդէ տեղի հայ համայնքին կազմակերպած երթին:

Քաղաքային օրէնսդիր մարմինը նաեւ հաւանութիւն տուած է այդ օրուան կայանալիք ձեռնարկներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին