Չորեքշաբթի, 10. 09. 2025

spot_img

Փրակայի Հայ Երիտասարդները Չեխիոյ Խորհրդարանին Մօտ Լուռ Նստացոյց Ըրած են

Փրակայի հայ երիտասարդներու միութիւնը Չեխիոյ խորհրդարանէն ոչ հեռու Ապրիլ 20-ին իրականացուցած է բողոքի լուռ ցոյց:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Չեխիոյ «Օրեր» (կայք էջը` orer.eu) եւրոպական անկախ ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան:

«Լուռ նստացոյցի նպատակն է Չեխիոյ իշխանութիւններու ուշադրութիւնը մէկ անգամ եւս հրաւիրել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ»,-ըսած է Յակոբ Ասատրեան` նշելով, որ նամակներ պիտի ուղարկուին Չեխիոյ խորհրդարանի անդամներուն:

Յակոբ Ասատրեան նշած է, որ վերջին տարիներուն Չեխիոյ մէջ լայնօրէն կը լուսաբանուի Հայոց Ցեղասպանութեան թեման, քաղաքական գործիչներու կողմէ անիկա յաճախ կ՛արծարծուի:

«Կը կարծեմ, որ խորհրդարանին մէջ արդէն հասունցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահը, սակայն Չեխիան այժմ որոշ խնդիրներ ունի Թուրքիոյ հետ: Ամէն պարագայի կը կարծեմ, որ Չեխիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալը ժամանակի հարց է»,- ըսած է ան:

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի առիթով Չեխիոյ հայ համայնքը նախատեսած է շարք մը ձեռնարկներ` պատարագ, երթ, ծաղիկներու խոնարհում Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին մօտ, դասական համերգ եւ այլն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին