Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Չեխիոյ Մէջ կը Քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ Ընդունելու Հաւանականութիւնը

Չեխիոյ Հանրապետութեան Պատգամաւորներու պալատին մէջ կը քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ ընդունելու հաւանականութիւնը:

Ըստ «Armenpress.am»-ի, այս մասին ըսած է Չեխիոյ Հանրապետութեան եւ Սլովաքիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սէյրանեան:

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած են Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեմանը, խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, պաշտօնեաներ եւ խորհրդարանականներ, Չեխիոյ կաթողիկէ եկեղեցին, այլ կառոյցներ եւ հեղինակաւոր գործիչներ: Պատգամաւորներու պալատին մէջ եւս կը քննարկուի այդ առնչութեամբ բանաձեւ ընդունելու հաւանականութիւնը»,- նշած է դեսպանը:

Չեխիոյ Հանրապետութեան Խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէն  14 Ապրիլ, 2017-ին միաձայն ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բանաձեւ, որ վկայակոչելով ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովին կողմէ  9 Դեկտեմբեր, 1948-ի «ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատիժի» մասին համաձայնագիրը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու, ինչպէս նաեւ` միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումները կը դատապարտէ ցեղասպանութիւններուն ժխտումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին