Ապրիլ 21-ին ընթացք առաւ Մայիս 14-ին կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն քարոզարշաւը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիս 12-ը` ներառեալ:
Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն կը մասնակցի երեք քաղաքական ուժ. Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան համամասնական ցուցակը կը գլխաւորէ գործող քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, «Ելք»ինը` պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան, իսկ «Երկիր Ծիրանի»-ինը` Զարուհի Փոստանջեան:
Ընտրութիւններուն ՀՀԿ-ն կը մասնակցի «Յանուն Երեւանի» կարգախօսով: Ընտրութիւններուն մասնակցող միւս քաղաքական ուժի` «Ելք» դաշինքի կարգախօսը հետեւեալն է` «Երեւան ջան, ելք կայ»: Դաշինքը նաեւ տեսահոլովակ նկարահանած է, ուր կ’երգէ նաեւ դաշինքի համամասնական ցուցակը գլխաւորող Նիկոլ Փաշինեան:
Դաշինքի թեկնածուները ու համակիրները քարոզարշաւը սկսած են Ազատութեան պողոտայի վրայ գտնուող յուշահամալիրի մօտէն, ուրկէ օդապարիկներ արձակած են երկինք, կը հաղորդէ «News.am»-ը:
«Ելք»-ը արդէն յայտարարած է նաեւ, թէ Ապրիլ 21-ին Մոսկովեան, Իսահակեան եւ Տէրեան փողոցներուն յարող հատուածէն ընթացք պիտի առնէ երթ, որ պիտի աւարտի Հիւսիսային պողոտայ – Տէրեան խաչմերուկին յարող տարածքին մէջ, ուր պիտի կայանայ հաւաք եւ համերգ:
«Երկիր Ծիրանի»-ի առաջնորդ Զարուհի Փոստանջեան խոստացած է, որ կարգախօսը պիտի յայտնէ այսօր: Կուսակցութիւնը քարոզարշաւը պիտի սկսի հեծանիւի երթով, որ ընթացք պիտի առնէ Ազատութեան հրապարակէն, Ապրիլ 21-ին, ժամը 17:00-ին:
Մայիսի 13-ին լռութեան օր է, իսկ 14-ին պիտի կայանան ընտրութիւնները: Նշենք, որ պիտի ընտրուի 65 հոգինոց աւագանի: Երեք ուժերու մասնակցութեան պարագային անցողիկ շեմ սահմանուած չէ:






