Ապրիլ 20 լոյս 21-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է 35 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 400 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` սահմանագիծի արեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ 60 միլիմեթրանոց ականանետ (1 արկ):
Հակառակորդի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար՝ ՊԲ առաջապահ զօրամասերը դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:






