Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Սիւնիքի Մէջ Ազատ Տնտեսական Գօտի Ստեղծելու Մասին Պայմանագիր Ստորագրուած է

Ապրիլ 19-ին Սիւնիք ազատ տնտեսական գօտի ընկերութեան եւ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան միջեւ ստորագրուած է ազատ տնտեսական գօտի ստեղծելու մասին պայմանագիր: Ստորագրած են զայն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումների նախարար Սուրէն Կարայեանն ու Սիւնիք ազատ տնտեսական գօտի ՍՊԸ տնօրէն Էդուարդ Ղուկասեանը:

Պայմանագրի ստորագրումէն ետք ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Ազիզեան լրագրողներուն յայտնած է, որ գօտիի ստեղծման համար մշակուած են ծրագիրներ, գտնուած են ներդրող եւ ընդունուած է ազատ տնտեսական գօտի ԱՏԳ ստեղծելու մասին ՀՀ կառավարութեան որոշումը եւ ստորագրուած՝ պայմանագիր կազմակերպիչին հետ, կը գրէ «Aysor.am»-ը:

«Առաջին փուլին կազմակերպիչին կողմէ պիտի իրականացուի մօտ 10 միլիոն տոլարի ներդրում, իսկ ԱՏԳ գործունէութեան ընթացքին կ’ակնկալուի ներգրաւել մօտ 120 շահագործող ընկերութիւններ, որոնք պիտի իրականցնեն 350-400 միլիոն տոլարի ներդրում, պիտի ստեղծուի աւելի քան 2500 նոր աշխատատեղ, իսկ միջին տարեկան արտահանումը պիտի կազմէ մօտ 80-100 միլիոն տոլար»,- ընդգծած է ան:

Կը նախատեսուի ազատ տնտեսական գօտին շահագործման յանձնել մինչեւ տարեվերջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին