Ապրիլ 18-ին Երեւանի աւագանիի կրթութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան յանձնաժողովին ներկայացուած է որոշման նախագիծ, որմով առաջարկուած է Երեւանի թ.147 դպրոցը անուանակոչել Արցախի հերոս, այդ դպրոցի շրջանաւարտ Ռոպերթ Ապաճեանի անունով:
Ըստ «Panarmenian.net»-ի՝ աւագանիի անդամ Անահիտ Բախշեան դիմատետրի իր էջին կատարած արձանագրութեամբ տեղեկացուցած է, որ յանձնաժողովի անդամները միաձայն դրական եզրակացութիւն տուած են այդ նախագիծին:
«Ուրախ եմ այս նախագիծին համար»,- գրած է Բախշեան:
Յիշեցնենք, որ Ռոպերթ Ապաճեանը զոհուած է Քառօրեայ պատերազմի ընթացքին` Ապրիլ 2-ի գիշերը` Մարտակերտի ուղղութեամբ տեղակայուած իրենց դիրքը անձնազոհաբար պաշտպանելու պահուն:
2016 Սեպտեմբերին Ռոպերթ Ապաճեանի պատուին անուանակոչուած է նաեւ ԼՂՀ Քաշաթաղի շրջանի Հերիկ գիւղի նորակառոյց դպրոցը:






