Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Տեղահանուածներու Ճգնաժամին Մասին «Անոնք Պիտի Չմեռնին» Վաւերագրական Ժապաւէն

Ապրիլին ԱՄՆ-ի տարածքին պետական պատկերասփիւռի կայանները սկսած են ցուցադրել «Անոնք պիտի չմեռնին՝ Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան պատմութիւնը» (They Shall Not Perish: The Story of Near East Relief)։ Այս մասին, ըստ «Horizonweekly.ca»-ի, կը հաղորդէ «broadwayworld.com» կայքը։

Վաւերագրական ժապաւէնի արտադրիչն է Շանթ Մարտիրոսեան եւ մրցանակակիր գրող-բեմադրիչ Ճորճ Պիլիյըրտ։ «Անոնք պիտի չկորսուին»ը կը ներկայացնէ աննախադէպ մարդասիրական ջանքերը հազարաւոր ամերիկացիներու‚ որոնք Համաշխարհային Ա. Պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, Օսմանեան կայսրութեան քայքայումէն ետք փրկեցին որբերու եւ տեղահանուածներու սերունդ մը։

Մէկ ժամ տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէնը կը ներկայացնէ պատմութիւնները ամերիկացի դիւանագէտներու‚ միսիոնարներու եւ մարդասիրական օժանդակութիւն կատարողներու‚ որոնք ականատես դարձան Հայոց Ցեղասպանութեան‚ ընդառաջեցին գործի լծուելու կոչին եւ զօրակոչի ենթարկեցին ամերիկացի քաղաքացիներու կողմէ ձեռնարկուած մեծագոյն ոչ կառավարական միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւնները։ Առաջնորդուելով միայն պարտաւորութեան բարոյական զգացումով‚ այդ այրերն ու կիները‚ որոնց շարքին ճարտարապետներ‚ դեսպաններ‚ ուսուցիչներ‚ հիւանդապահներ եւ այլք‚ օգնեցին ծայրայեղ ահաւոր կացութեան մէջ գտնուող միլիոնաւոր տառապեալներու։

Ժապաւէնը‚ որուն պատիմիչն է 6 անգամ «Էմմի» մրցանակի թեկնածու դերասան Վիքըր Կարպըր‚ կը բովանդակէ պատմական ժապաւէններ‚ արխիւային լուսանկարներ եւ կը ներկայացնէ հարցազրոյցներ այժմեան ականաւոր մասնագէտ ակադեմականներու հետ, ինչպիսիք են Թաներ Աքչամը‚ Փիթըր Պաքաքեանը եւ Քիթ Տէյվիտ Ուաթենփօն։ Աւելին‚ ամերիկացի պաշտօնատարներու‚ մարդասիրական աշխատանքներ իրագործողներու եւ որբերու նամակները կ’ընթերցուին ականաւոր դերասաններ Միքայէլ Արոնովի‚ Քաթլին Շալֆանի‚ Տարիուշ Քաշանիի‚ Անտրէա Մարթինի‚ Ռոն Ռիֆքինի‚ Թոնի Շալհուպի եւ Քարա Վետտերի կողմէ:

Տեսաժապաւէնի արտադրիչ Շանթ Մարտիրոսեան‚ որ իր մեծ հայրերուն Ցեղասպանութեան վերապրումէն ներշնչուած է‚ կը յայտնէ‚ որ այս ժապաւէնը արտադրած է «ոչ թէ Ցեղասպանութեան ընթացքին մեր կորսնցուցած անձերը յիշելու‚ այլ լոյս սփռելու Ամերիկայի պատմութեան  կարեւոր այն էջին վրայ‚ երբ հասարակ քաղաքացիներ կողք կողքի կանգնեցան ընդդէմ մեծ անարդարութեան եւ փրկեցին 132 հազար որբերու կեանքերը»։ Այս փրկարարութեան պատմական ջանքերը առաջնորդեցին Մերձաւոր Արեւելքի Օժանդակութեան‚ ներկայիս ծանօթ Մերձաւոր Արեւելքի Հիմնարկ անունով, կազմակերպութեան մը հիմնադրման‚ որ առ այսօր կը շարունակէ ամբողջ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի տարածքին բարեկեցիկ կեանք ապահովել կարգ մը համայնքներու եւ տեղահանուածներու՝ իրագործելով հասարակական ղեկավարութեամբ տնտեսական զարգացման նախաձեռնութիւններ։

Ամերիկեան պատմութեան յաճախ մոռցուած‚ սակայն կարեւոր մէկ էջին վրայ կեդրոնանալով «Անոնք պիտի չմեռնին»ը մարտահրաւէր կ’ուղղէ‚ թէ երկիր մը իր ո՞ր արժէքները ցուցադրելու պէտք է ձգտի, եւ կը բարձրացնէ այն հարցը‚ թէ ե՛րբ եւ արդեօք պէ՞տք է մարդասիրական նկատառումները ազգային ռազմավարական շահերէն գերիվեր նկատուին։ «Այսօր‚ մինչ կը դիմակայենք գաղթականներու սուր ճնգնաժամ մը‚ շատ կարեւոր է‚ որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան ճշդման ընթացքին նկատի ունենանք մարդասիրական հետեւանքներ»‚ կ’ըսէ տեսաժապաւէնի բեմադրիչ‚ արտադրիչ եւ գրող Ճորճ Պիլըրտ։

3 Roads Communications ընկերութեան կողմէ ցրուած «Անոնք պիտի չմեռնին»ը երկրի տարածքին պետական պատկերասփիւռի կայաններէն սկսաւ ցուցադրուիլ 1 Ապրիլ, 2017-ին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին