Կիրակի, Մայիս 7-ին, կ.ե. ետք ժամը 12։30-ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սրահին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պիտի ներկայացնէ իր խմբագրած նորագոյն հատորը՝ «Հիւսիս-արեւելեան Միջերկրականի Հայ Համայնքներ. Մուսա Տաղ-Տէօրթ Եօլ-Քեսապ» հատորը:
Ըստ «Ասպարէզ» օրաթերթի՝ հատորը 14-րդն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կազմակերպած եւ Պատմական Հայաստանի նահանգներուն ու քաղաքներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովներուն ընթացքին ներկայացուած ուսումնասիրութիւնները համադրող հատորներու շարքին: Անոր մէջ ներկայացուած են նաեւ Լաթաքիոյ գիւղական շրջաններու հայկական համայնքներուն մասին տուեալներ։
Լուսանկարներով հարստացուած ներկայացման ընթացքին, դասախօսը պիտի ներկայացնէ շրջաններուն եկեղեցիները, վանքերը, դպրոցները, որբանոցները, եւ այլն: Ան նաեւ պիտի անդրադառնայ այս շրջաններուն մէջ ապրող հայութեան վերաբերող տնտեսութեան, աւանդութեանց, գրական եւ կրօնական մշակոյթին եւ քաղաքական իրավիճակին:
Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։ Հեղինակը նաեւ պիտի մակագրէ հատորէն օրինակներ։ Եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 2215 E. Colorado Blvd., Pasadena, CA 91107։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (626) 449-1523 թիւին։