«Արդէն գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած է Ֆրանսայի այս երկու հայկական հաստատութիւններու աւարտական դասարաններու սաներու ամենամեայ այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին»,- նշած է Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը` Ապրիլ 17-ին ընդունելով Մարսէյլի համազգային դպրոցի եւ Փարիզի դպրոցասէր միութեան վարժարանի 45 աշակերտներ:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը յորդորած է երիտասարդները ջանասիրութեամբ շարունակելու իրենց ուսումնառութիւնը, որպէսզի ձեռք բերած գիտելիքներն ու հմտութիւնները ծառայեցնեն ֆրանսահայ համայնքին, ինչպէս նաեւ հայրենիքի զարգացման, հզօրացման ու բարօրութեան:
Հանդիպման ժամանակ անդրադարձած են նաեւ Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի պահպանման ուղղուած խնդիրներուն եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն: