Ուրբաթ, 27. 06. 2025

spot_img

Հայոց Լեզուին Նուիրուած Համագումար Փորթուկալի ՄԷջ

Ապրիլ 5-ին «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախաձեռնութեամբ` Լիզպոնի համալսարանի գիրերու բաժանմունքին մէջ (Faculdade de Letras de Universidade de Lisboa) կայացած է «Հայոց լեզուի օր» խորագիրով համագումար:

«Քանի մը ամիս առաջ հանդիպած էի Լիզպոնի համալսարանի գիրերու բաժինի տնօրէն, փրոֆէսոր Փաուլօ Ալպերթոյի հետ, որուն ներկայացուցի համագումարի գաղափարն ու որոշ մանրամասնութիւններ: Ան ողջունեց մեր նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ իրենց բաժինէն ներս շատ յաճախ տարբեր երկիրներու մշակոյթին ու լեզուին նուիրուած ձեռնարկներ կը կազմակերպուին»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախագահ Վահէ Մխիթարեան:

Համագումարէն առաջ բաժանմունքի նախասրահին մէջ կայացած է Հայաստանին նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած է մեր մշակոյթը, պատմամշակութային կարեւոր յուշարձանները, որ կը բնորոշէ եւ բնութագրէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը:

Համագուրը կայացած է բաժանմունքի ամենամեծ դահլիճին մէջ, ուր ներկայ եղած են համալսարանի ուսանողներ, դասախօսներ, ղեկավար մարմնի ներկայացուցիչներ եւ այլ հիւրեր:

Համագումարը իր ողջոյնի խօսքով բացած է բաժինի փոխտնօրէն, փրոֆէսոր Ժուաու Տիոնիզիոն: Վերջինս իր ելոյթին մէջ ընդգծած է նման ձեռնարկի կարեւորութիւնը եւ նշանակութիւնը:

«Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախագահ Վահէ Մխիթարեան իր ելոյթին ժամանակ ներկայացուցած է միութեան աշխատանքները եւ խօսած ապագայ ընելիքներուն մասին:

Համագումարը վարած է «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» հիմնադիր անդամ Լիա Խաչիկեան, որ Լիզպոնի մէջ փորթուկալերէն լեզուի ու մշակոյթի ուսումնասիրութեամբ կը զբաղի:

«Փորթուկալացի ներկաներուն բաւականաչափ ընդհանրական ու հնարաւորինս ամփոփիչ փորձեցի ներկայացնել հայոց լեզուն եւ մշակոյթը: Խօսեցայ հայերէնի աշխարհագրական տարածման, լեզուի պատմութեան եւ զարգացման փուլերուն,  գիրերու ստեղծման, այբուբենի կազմութեան եւ յետագայ փոփոխութիւններուն, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի հիմնական հնչիւնաբանական եւ բառապաշարի տարբերութիւններուն մասին: Անդրադարձ կատարեցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ առկայ բարբառներուն, ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեցի լեզուի քերականական կառուցուածքին վերաբերեալ», «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Լիա Խաչիկեան:

Համագումարին ընթացքին փորթուկալացի հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցած է նաեւ ծանօթանալու հայ ժամանակակից քննարերգութեան հետ: Հնչած են Յովհ. Թումանեանի, Յովհ. Շիրազի, Հ. Սահեանի եւ Պ. Սեւակի բանաստեղծութիւններէն քանի մը հատ:

Համագումարի աւարտին ելոյթ ունեցած է միութեան հովանիին ներքոյ գործող «Կոնսոնանսիա» լարային նուագախումբի մենակատարներէն կազմուած քառեակը` Ելենա Ռեաբովա (առաջին ջութակ), Անժէլա Յակոբեան (երկրորդ ջութակ), Ալեքսանտր Տելկադօ (ալտ), Լեւոն Մուրադեան (թաւջութակ): Հնչած են Կոմիտասի ստեղծագործութիւններն ու ժողովրդական մեղեդիներ:

Խօսելով յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին` «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» նախագահը նշեց, որ կը նախատեսեն յառաջիկային երկու համագումար  իրականացնել` «Հայերը` որպէս գիտութեան եւ նորարարութեան ազգ» եւ «Հայկական միջնադարեան ճարտարապետութիւն եւ եկեղեցաշինութիւն» խորագիրներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին