Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Ինծի Համար Կարեւոր Ֆիլմ Է, Բոլոր Նախնիներս Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհեր Են. Սերժ Թանգեան Խօսած Է «Խոստումը» Ֆիլմին մասին

Ամերիկահայ յայտնի ռոք երգիչ, System of a Down խումբի մեներգիչ Սերժ Թանգեան Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմի ցուցադրութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, Սերժ Թանգեան նշած է, որ շատ ուրախ է ֆիլմի ստեղծման աշխատանքներուն մասնակցելու համար: «Ես շատ ուրախ եմ, որ մասնակցութիւն  ունեցած եմ ֆիլմի երաժշտական մասի աշխատանքներուն: Սա շատ կարեւոր ֆիլմ է: Ատոր մէջ ներկայացուած է սիրոյ պատմութիւն մը, որ տեղի կ’ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն: Ասիկա ինծի համար կարեւոր է, որովհետեւ իմ բոլոր նախնիներս Հայոց ցեղասպանութեան զոհեր են»,- ըսած է Թանգեան:

«Խոստումը» ֆիլմի արտադրող Էրիկ Իսրայէլեան, կարեւոր համարելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմ նկարահանելուն` երջանկայիշատակ Քըրք Գըրգորեանի նախաձեռնութիւնը, նոյնպէս նշած է, որ իր նախնիները Հայոց Ցեղասպանութեան զոհեր են, եւ ինք կը ցանկայ այս հարթակը օգտագործելու եղանակով խախտել լռութիւնը ու մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել խնդիրին վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին