Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Թեհրան Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Կ’ընէ Արցախի Տագնապը Լուծելու՝ «Առանց Երրորդ Կողմի Միջամտութեան»

Հայաստան եւ Ազրպէյճան պէտք չէ արտօնեն, որ երրորդ ուժեր միջամտեն Արցախի տագնապի կարգաւորման. Թեհրանի մէջ այսպէս յայտարարած է Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հոսէյն Տեղան, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ իր հանդիպման ընթացքին։

Իրանցի պաշտօնատարներու հետ Հասանովի քննարկումներուն հիմնական նիւթերէն մէկը եղած է ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորումը:

«Յոյս ունիմ, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ կարգաւորման կը մօտենան վճռական կերպով եւ երրորդ ուժերու միջամտութեան ու ճգնաժամի խորացման առիթներ չեն տար», նշած է Իրանի պաշտպանութեան նախարարը:

Տեղան Ազրպէյճանի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է նաեւ տարածաշրջանային շարք մը տագնապներ՝ մատնանշելով այն ուժերը, որոնք ըստ Թեհրանի, կը վտանգեն տարածաշրջանային ապահվութիւնն ու կայունութիւնը:

«Ոչ միայն մեր տարածաշրջանը, այլեւ ամբողջ աշխարհը այսօր կ’ենթարկուի այն ահաբեկչական սպառնալիքներուն, որոնց աղբիւրներն են Իսլամական պետութիւն ու Ժապհաթ Նուսրա ծայրայեղական խմբաւորումները, Միացեալ Նահանգները, Սէուտական Արաբիան եւ սիոնիստական վարչակարգը (Իսրայէլ)», յայտարարած է Տեղան:

Հասանովի հետ խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, Իրանի պաշտպանութեան նախարարը նաեւ ըսած է, որ վերոյիշեալ ուժերէն քանի մը հատը ջանք կը թափեն վնաս հասցնել Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան խորացման:

«Մենք պէտք չէ արտօնենք, որ արտաքին ուժերը խաթարեն Ազրպէյճանի եւ Իրանի ռազմական համագործակցութիւնը: Մեր երկու ժողովուրդները սերտ յարաբերութիւններ ունին ցեղային, պատմական, մշակութային եւ կրօնական կապերու ընդմէջէն: Մեր յարաբերութիւնները օրէ օր աւելիով կը խորանան: Շատ լաւ պիտի ըլլար, եթէ այդ յարաբերութիւնները զարգանային նաեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ», նշած է Տեղան:

Իր կարգին, Հասանով ըսած է. «Ազրպէյճան եւ Իրան բարեկամական կապեր ունեցող եղբայրական պետութիւններ են: Իրանի հետ ռազմական համագործակցութեան ծաւալումը կը բխի նաեւ Ազրպէյճանի շահերէն»։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին