Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

«Զարթօնք»ի Անունով Մայրիի Ծառ Մարտակերտի Մէջ

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի իրականացուցած ծրագիրով, ներառական կրթութեան մէկշաբաթեայ դասընթացքին մասնակցելու համար Պէյրութ այցելեցին  Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանը, ուսուցիչներ Լուսինէ Սաիյեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը:

Լիբանանահայ գաղութի իրենց ծանօթացման ծիրէն ներս, անոնք այլ հաստատութիւններու շարքին նաեւ այցելեցին լիբանանահայ երեք օրաթերթերու խմբագրատուները:

«Զարթօնք», որպէս խորհրդանշական նուէր արցախցի ուսուցչուհիներուն յանձնեց Լիբանանի մայրի ծառի տունկեր:

2

Ուրախութեամբ իմացանք, որ դպրոցի տնօրէնութիւնը արցախցի զինուորներու հետ, մարտական խաչի երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր Վարդան Մինասեանի մահուան տարելիցի նուիրուած դպրոցական ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին, Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին մասնակից զինուորի ձեռամբ «Զարթօնք»ի անունով մայրիի ծառ տնկած են դպրոցի բակը: Հետաքրքրական էր իմանալ ծառը տնկող հայ զինուորին արտայայտութիւնը, որ ծառը տնկելու համար երբ բահ առաջարկուած է իրեն, ան մերժած է գործածել, ըսելով որ բարեկամութեան ծառը ափերով է, որ կը տնկուի հողին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուած է նաեւ արցախցի արուեստագիտուհի Շուշան Պետրոսեան:

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին