Երէկ յետմիջօրէին լիբանանահայ մամուլի խմբագիրներ հաւաքուեցան «Ազդակ»ի խմբագրատուն հանդիպում մը ունենալու Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Պապայեան հետ, որ օրերս կը գտնուի Պէյրութ:
Հանդիպումը առիթ մըն էր յարգելի հիւրին աւելի եւս մօտէն ծանօթանալու եւ միասնաբար քննարկելու եւ նաեւ լուսաբանուելու արցախեան տագնապի հետ կապուած հարցերով: Խօսակցութիւններուն առանցքը կազմեց ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն քաղելիք դասերու կարեւորութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի տեղեկատուութեան մարզին: Հանդիպումը օգտաշատ առիթ մըն էր նաեւ միասնաբար վերլուծելու Արցախի տագնապին հետ կապուած զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները:
Պարոն Պապայեան իրեն յատուկ հանդարտ ոճով եւ սուր վերլուծաբանի կարողութիւններով լիբանանահայ խմբագիրները գոհացուց՝ պատասխանելով Արցախի իրադարձութիւններուն հետ կապուած բոլոր հարցերուն: