Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Լիբանանահայ Մամլոյ Խմբագիրներու Հանդիպում Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Մամլոյ Բանբերին հետ

Երէկ յետմիջօրէին լիբանանահայ մամուլի խմբագիրներ հաւաքուեցան «Ազդակ»ի խմբագրատուն հանդիպում մը ունենալու Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Պապայեան հետ, որ օրերս կը գտնուի Պէյրութ:

Հանդիպումը առիթ մըն էր յարգելի հիւրին աւելի եւս մօտէն ծանօթանալու եւ միասնաբար քննարկելու եւ նաեւ լուսաբանուելու արցախեան տագնապի հետ կապուած հարցերով: Խօսակցութիւններուն առանցքը կազմեց  ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն քաղելիք դասերու կարեւորութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի տեղեկատուութեան մարզին: Հանդիպումը օգտաշատ առիթ մըն էր նաեւ  միասնաբար վերլուծելու Արցախի տագնապին հետ կապուած զինուորաքաղաքական իրադարձութիւնները:

Պարոն Պապայեան իրեն յատուկ հանդարտ ոճով եւ սուր վերլուծաբանի կարողութիւններով լիբանանահայ խմբագիրները գոհացուց՝ պատասխանելով Արցախի իրադարձութիւններուն հետ կապուած բոլոր հարցերուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին