Ապրիլ 12 լոյս 13-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է աւելի քան 25 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով մօտ 300 կրակոց:
Ըստ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան՝ ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն լիակատար վերահսկողութիւն պահպանել առաջնագիծին վրայ եւ վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն։






