Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

ԼՂ Հակամարտութիւնը Պէտք է Ունենայ Խաղաղ եւ Տեւական Լուծում. ԵԱՀԿ

Հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութեան աճին եւ բանակցային գործընթացի սահմանափակ առաջընթացին, ԵԱՀԿ-ը կը շարունակէ պնդել, որ պէտք է աշխատիլ հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական լուծում տալու ուղղութեամբ:

Ըստ «Panorama.am»-ի` այս մասին նշուած է ԵԱՀԿ գործունէութեան 2016-ի զեկոյցին մէջ, ուր ամփոփուած են կազմակերպութեան գործունէութեան եւ իրականացուցած ծրագիրներուն արդիւնքները:

«2016-ի գարնան սահմանագիծի վրայ լարուածութեան սրումը մեծցուցած է հակամարտութեան լուծում տալու անհրաժեշտութիւնը: ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահութեան ծիրէն ներս Գերմանիան մեծ ջանքեր գործադրած է այս եւ այլ հակամարտութիւնները լուծելու համար` ձգտելով ընդգծել ԵԱՀԿ ձեւաչափի ամրապնդումը հակամարտութիւններու լուծման եւ այդ հակամարտութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ տուժող մարդոց կեանքը բարելաւելու հարցով»,- նշուած է կազմակերպութեան տարեկան զեկոյցին մէջ:

Ըստ զեկոյցին` Գերմանիան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահող երկիր, անմիջապէս արձագանգած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ապրիլին սկսած ռազմական գործողութիւններուն եւ հրաւիրած Մշտական խորհուրդի արտակարգ նիստ` կոչ ընելով իրականացնելու Ս. Փեթերզպուրկի եւ Վիեննայի մէջ նախագահներու մակարդակով ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Հաշուետուութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ 2016-ի ընթացքին Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը ԵԱՀԿ-ին 45 408 եւրոյի նիւթական աջակցութիւն տրամադրած է: Նաեւ կը նշուի, որ կողմերուն աջակցութեամբ՝ 2016-ի ընթացքին ԵԱՀԿ-ը մշտադիտարկում իրականացուցած է 22 անգամ, որուն 5-ը` հայ-ազրպէյճանական սահմանին, իսկ 17-ը` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին