Ապրիլ 11 լոյս 12-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է աւելի քան 25 անգամ` հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 400 կրակոց:
ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդած տեղեկութիւններով` ՊԲ առաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէն եւ շարունակած են վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:






