Ուրբաթ, 30. 01. 2026

spot_img

Հայաստանի Եւ Վրաստանի Միջեւ Չկան Խնդիրներ, Կան Հարցեր, Որոնք Համատեղ Ջանքերով Կը Լուծուին. Էդուարդ Նալպանտեան

Վերջին տարիներուն հայ-վրացական յարաբերութիւնները շօշափելիօրէն կը զարգացան: Այս մասին Հայաստան պաշտօնական այցով եկած Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ջանելիձէի հետ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

«Մեր մշտական բուռն երկխօսութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ քննարկելու երկկողմ օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ՝ առաջ մղելու համագործակցութեան ամրապնդման ու խորացման ուղղուած մեր ջանքերը»,- ըսած է ՀՀ ԱԳ նախարարը:

Նալպանտեանի փոխանցմամբ` հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ընթացքին: «Վերջին տարիներուն հայ-վրացական յարաբերութիւնները շօշափելի զարգացում կ’ապրին եւ առաջ կ՛ընթանան փոխշահաւէտ համագործակցութեան ոգիով: Երկու կողմերն ալ պարբերաբար կը նշեն, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ չկան խնդիրներ, կան հարցեր, որոնք համատեղ ջանքերով կը լուծուին: Մեր այսօրուան հանդիպումը եւս անոր ապացոյցն էր»,- ըսած է Էդուարդ Նալպանտեան:

Հանդիպման ժամանակ, ՀՀ ԱԳ նախարարի փոխանցմամբ, քննարկուած են առեւտրաշրջանառութեան, ուժանիւթի, տարածաշրջանային կայունութեան, երկիրներու միջեւ առկայ իրաւապայմանագրային ընդգրկուն դաշտի կատարելագործման վերաբերող հարցեր, որոնք 8 տասնեակէ աւելի փաստաթուղթեր կը ներառեն:

«Անդրադարձ եղած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման: Զրոյցի ընթացքին խօսուած է հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ու Հայաստանի համատեղ ջանքերու մասին»,- նշած է արտաքին գործոց նախարարը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին