«Սահմանադրական փոփոխութիւնները հնարաւորութիւն տուին, որ ազգային փոքրամասնութիւնները կրկին մտնեն Ազգային ժողով»,-այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ քրտական համայնքի ղեկավար Կնեազ Հասանով` յիշեցնելով, որ մինչ խորհրդային կարգերու փլուզումը ազգային փոքրամասնութիւները խորհրդարանին մէջ ունեցած են պատգամաւորներ:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ մեզի հնարաւորութիւն տուին Ազգային Ժողովի մէջ ներկայացուցիչներ ունենալու: Ասիկա պատիւ է թէ՛ փոքրամասնութիւններուն, թէ՛ Ազգային Ժողովին համար»,- «Փանորամա»-ի փոխանցմամբ նշած է Հասանով:
Անոր խօսքով` խորհրդարանին մէջ պիտի կարենան Հայաստանի մէջ 11 ազգային փոքրամասնութիւններուն վերաբերող հարցեր ներկայացնել. «Կրթութեան, մշակութային եւ մեր համայնքներուն վերաբերող շարք մը կենցաղային հարցեր: Բացի անկէ պիտի կարենանք մասնակցիլ նաեւ օրէնքներու ստեղծման ու ընդունման»:
Հանդիպման ներկայ «Աթուր» ասորիներու միութեան նախագահ Արսէն Միխայլով նշած է, որ իրենց համայնքը բազմիցս իր երախտիքի խօսքը յղած է` համայնքին նկատմամբ մարդասիրական վերաբերմունքի համար:
«Մենք մեզ հիմա աւելի պարտաւորուած կը զգանք: Խորհրդարանին մէջ պատգամաւորներ ունենալը դուրսի մեր համայնքներուն համար եւս կարեւոր իրադարձութիւն է: Մեզի յուզող հարցերը աւելի արագ ու թափանցիկ լուծում կրնան ստանալ: Մենք քաղաքական հարցեր չունինք, մեր հարցերն ու խնդիրները էթնիկ մշակութային են»:
Լրագրողները բանախօսներէն հետաքրքրուեցան, թէ արդեօք իրենց մէջ ընդդիմադիրներ կա՞ն թէ ոչ: Հայաստանի մէջ քրտական համայնքի ղեկավարը ապատասխանեց. «Ազգային փոքրամասնութիւնները ուր ալ ըլլան, պէտք է ըլլան իշխանամէտ, բոլոր հարցերը պէտք է լուծեն իշխանութիւններուն հետ: Մենք չենք կրնար ընդդիմադիր ըլլալ ՀՀ իշխանութիւններուն, մեր բոլոր հարցերով կը դիմենք պետութեան»:
«Աթուր» ասորիներու միութեան նախագահը աւելցուց, որ համայնքին մէջ կան ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն սատարողներ, սակայն շատ քիչ տոկոս կը կազմեն:






