ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ապրիլ 9-ին ցաւակցական հեռագիր յղած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` Եգիպտոսի տարբեր շրջաններու մէջ գտնուող ղպտիներու Ս. Գէորգ եւ Ս. Մարկոս եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումներուն առիթով, որոնք պատճառ դարձան տասնեակ անմեղներու մահուան: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Նախագահի գրասենակի մամուլի վարչութիւնը։
«Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ այդ անմարդկային արարքները եւ իր զօրակցութիւնը կը վերահաստատէ բարեկամ Եգիպտոսին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին մէջ: Եգիպտոսի համար այս դժուար պահուն իմ անկեղծ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Եգիպտոսի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու ընտանիքներուն` մաղթելով ուժ եւ տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», գրուած է նախագահին ցաւակցագիրին մէջ:






